Լեզու Եւ Մշակոյթ. Անթարգմանելի Բառեր` Տարբեր Մշակոյթներէ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԳԵՂԵՑԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԱՏՄԵԼ ՎԱՅՐԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ: ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ` ԸՆՏՐԵԼՈՎ ՏԱՐԱՇԽԱՐՀԻԿ ՔԱՆԻ ՄԸ ԲԱՌԵՐ ԵՒ ՓՈՐՁԵԼՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԶԱՆՈՆՔ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԲԱՌԵՐՈՒ ԱՆԲԱՑԱՏՐԵԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԹԵՐԵՒՍ «ԿԸ ՅԱՋՈՂԻ՞» ՔԱՆԻ ՄԸ ԲԱՌՈՎ ԹԱՐԳՄԱՆԵԼ ԶԱՆՈՆՔ:

Բառերու եւ անոնց իմաստներուն միջեւ կապակցութիւնը շատ հետաքրքրական է, եւ լեզուագէտներ բազմաթիւ տարիներ աշխատած են` կազմաքանդելու համար զանոնք, իւրաքանչիւր բառ տարբաղադրելով տառ առ տառ, փորձելով գիտնալ, թէ ինչո՛ւ բազմաթիւ զգացումներ եւ գաղափարներ կարելի չէ արտայայտել բառերով, եւ զորս մեր լեզուները չեն կրնար բնորոշել:

Յաճախ գրուած է, թէ բառերը միշտ չէ, որ կրնան ըսել ամէն ինչ: Ինչպէս Ֆրիտրիխ Նիցչէ ըսած է.  «Բառերը պարզապէս խորհրդանիշներն են այն կապին, որ գոյութիւն ունի իրերու միջեւ, ինչպէս նաեւ` իրերուն եւ մեր միջեւ: Անոնք ոչ մէկ տեղ կը մօտենան բացարձակ ճշմարտութեան»:

Այս նիւթին մասին լաւագոյն գիրքը «Թրու տը լենկուիճ կլաս»-ն է: Հեղինակը` Կայ Տոյչըր մանրակրկիտ ձեւով կը պեղէ եւ կը բացատրէ այս վիհերը` ըսելու համար, թէ գոյութիւն ունին «դուրս մնացած բառեր», զորս կարելի չէ թարգմանել, եւ` հասկացողութիւններ, զորս կարելի չէ պատշաճ ձեւով բացատրել մէկ մշակոյթէն միւսին:

Այս հրաշալի, անթարգմանելի եւ քիչ մը խաբուսիկ բառերէն ընտրած ենք 11-ը: Վստահաբար պիտի փափաքէինք անոնցմէ քանի մը հատը որդեգրել մեր առօրեայ խօսակցութեան մէջ:

1) Գերմաներէն. Վալտայնսամքայթ

Առանձնութեան զգացում մը, կարծէք` անտառին մէջ ենք եւ կապ մը կը զգանք բնութեան հետ: Ռալֆ Ուոլտօ Էմըրսըն նոյնիսկ ամբողջ բանաստեղծութիւն մը գրած է անոր մասին:

2) Իտալերէն. Քուլաչինօ

Պաղ գաւաթի մը հետք` սեղանին վրայ: Ո՞վ կ՛ըսէր, թէ շոգիացումը այսքան բանաստեղծական պիտի հնչէր:

3) Ինուիթ. Իքցուարփոք

Սպասումի այն զգացողութիւնը, որ մեզ կը մղէ դուրս գալու եւ ստուգելու, թէ արդեօք մէկը կու գա՞յ, եւ թերեւս նաեւ կ՛արտայայտէ անհամբերութեան զգացողութիւն մը:

 

 

 

4) Ճափոներէն. Քոմորեպի

Ճափոնցիները այս բառով կը նկարագրեն ծառերուն մէջէն մաղուող արեւուն լոյսը, լոյսին եւ տերեւներուն խաղը:

5) Ռուսերէն. Փոքեմուքա

Շատ հարցասէր անձ մը: Իրօք, չափէն աւելի հարցումներ ուղղող անձ մը. բոլորս կը ճանչնանք քանի մը հոգի:

6) Սպաներէն. Սոպրեմեսա

Սպանացիք ընկերային մարդիկ են, եւ այս բառը կը նկարագրէ այն ժամանակը, որ անոնք կը յատկացնեն ճաշեն ետք զրուցելու անոնց հետ, որոնց հետ նոր ճաշած են:

7) Ինտոնեզերէն. Խայուս

Ռամկաբանութիւն մը. անձի մը համար, որ այնքա՛ն գէշ ձեւով կը պատմէ ծիծաղաշարժ պատմութիւն մը, որ կարելի չէ լիաթոք չխնդալ:

8) Հաուայեան. Փանա Փօ՛o

Գիտենք չէ՞. ի՛նչ կ՛ընենք, երբ մոռցած ենք, թէ ո՛ւր դրած ենք մեր բանալիները եւ մեր գլուխը կը քերենք, որովհետեւ կը թուի, թէ ասիկա ձեւով մը կ՛օգնէ յիշելու: Ահաւասիկ ա՛յս է բառը:

 

 

 

 

 

 

9) Ֆրանսերէն. Տեփէյիզման

Այն զգացումը, որ կ՛ապրինք, երբ կը գտնուինք մեր հայրենիքէն դուրս: Օտարի կամ գաղթականի զգացումը, ձեւով մը` արմատախիլ ըլլալու զգացումը:

10) Ուրտու. Կոյա

Ուրտուն Փաքիստանի ազգային լեզուն է, սակայն նաեւ պաշտօնական լեզուն է Հնդկաստանի 5 նահանգներու: Այս իւրայատուկ բառը կը փոխանցէ խորհրդածական «կարծէք»-ի իմաստ մը, որ ամենայնդէպս  իրականութեան զգացողութիւն մը կը պարունակէ: Անիկա կը նկարագրէ խաբկանքի պահը, որ կ՛ապրինք, երբ կը լսենք լաւ պատմութիւն մը:

11) Շուէտերէն. Մուանկաթա

Ջուրին վրայ ուղի մը գծող լուսնին շողշողափայլ արտացոլացումը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )