50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1963)

Ներքին Կեանք

50 Տարուան Ոստում
Յառաջդիմութեան Ճամբու Վրայ

Ընկերային Ապահովութեան Ծրագիրը
Մեծ Նպաստ Պիտի Բերէ Լիբանանի

 Զահլէ Ինքնագործ Հեռաձայն Ունեցաւ

Ընկերային ապահովութեան ծրագիրը, որուն մասին շահեկան տեղեկութիւններ տուած էինք մեր նախորդ թիւով, մեծ հետաքրքրութիւն արթնցուց քաղաքական շրջանակներու մէջ:

Հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել, որ այս ծրագրի գլխաւոր ջատագովներէն մէկն է, այս մասին հարցապնդուելով` յայտարարեց.

«Հրամանագրուած ծրագիրը մեր երկրին մէջ երբեւիցէ իրագործուածներուն ամէնէն կարեւորն է: Կարելի է ըսել, որ կը հանդիսանայ պսակումը բոլոր միւս ծրագիրներուն, որոնք կա՛մ աւարտած են եւ կա՛մ աւարտելու վրայ, եւ որոնք Լիբանանը վերածած են ընդարձակ աշխատանոցի մը. Լիթանի, նաւահանգիստի երրորդ աւազանը, կառավարական աւան, Թրիփոլիի տօնավաճառը, պտուղներու գրասենեակը, ճամբու ցանցերու տարածման ժամանակացոյցը եւ ելեկտրականութեան հաստատումը երկրին բոլոր կողմերը:

«Ընկերային ապահովութեամբ Լիբանան 50 տարուան ոստում մը կ՛ընէ ընկերային յառաջդիմութեան ճամբուն վրայ, որովհետեւ այս ծրագիրը կը հանդիսանայ ճերմակ յեղափոխութիւն մը, որ մաս կը կազմէ Լիբանանի աւանդութիւններուն:

 

Արդարութեան Նոր Պալատը
Պիտի Բացուի Շուտով

Վճռաբեկ ատեանի ընդհանուր դատախազ Պութրոս Նուժէյմ երէկ առտու նախագահեց ժողովի մը, որուն կը մասնակցէին արդարութեան նախարարութեան, սպասարկութեանց պետերը, ինչպէս նաեւ` զանազան նախարարութիւններու գլխաւոր պատասխանատուները: Աշխատանքի այս նիստը յատկացուած էր արդարութեան նախարարութեան թղթածրարներուն նոր պալատը փոխադրութեան կարգադրութիւններուն: Այս փոխադրութիւնը պիտի սկսի հոկտեմբերին:

Ժողովի ընթացքին քննուեցաւ նաեւ գրասենեակներու բաժանումը նոր շէնքին մէջ ու աշխատանքի վերակազմութիւնը` նոր հիմերու վրայ:

Ժողովէն ետք Պ. Նուժէյմ յայտարարեց, թէ փոխադրութիւնը տեղի պտի ունենայ հանգրուան առ հանգրուան, որպէսզի դատավարութիւններու ընթացքը չդանդաղի:

Նոր սպասարկութիւնները իրարմէ անկախ պիտի ըլլան: Իւրաքանչիւրը իր տրամադրութեան տակ պիտի ունենայ անհրաժեշտ կազմածները, յայտարարեց պատասխանատու բանբեր մը:

 

Ինքնագործ Հեռաձայն
Զահլէի Մէջ

Զահլէ ունեցաւ իր ինքնագործ հեռաձայնը: Քաղաքին սանթրալը բացուեցաւ հինգշաբթի կէսօրէ ետք, վարչապետ Ռ. Քարամէի կողմէ, ի ներկայութեան փոսթ-հեռագրական նախարար Ռընէ Մուաուատի, երկրագործութեան նախարար Ժոզեֆ Սքեֆի եւ տեղական իշխանութեանց:

Իր ճառին մէջ վարչապետ Քարամէ ընդգծեց նախագահ Շեհապի վարչակարգին ներքեւ կատարուած աշխատանքը, իսկ Ռընէ Մուաուատ շեշտեց ինքնագործ հեռաձայնի կեդրոններու հաստատման նշանակութիւնը ազգային գետնի վրայ:

Զահլէի մէջ ինքնագործ հեռաձայնի հաստատումով, Պէյրութէն զատ, հետեւեալ քաղաքներն ու վայրերը օժտուած կ՛ըլլան.

Մայրաքաղաքի արուարձան` Շիահ, Տորա, Ֆրըն Շըպպեք Տքուանէ եւ Մքալլես:

Ալէի շրջան` Արայա, Քահալէ, Ալէյ:

Նահանգներու մէջ, ներքին գիծեր` Թրիփոլի, Սայտա, Ժիպէյլ, Էհտեն:

 

«Օսքար»-ի Ներկայացումը
Զահլէի Մէջ

Զահլէի հայութիւնը եւս, իր կարգին, առիթն ունեցաւ վայելելու Համազգայինի թատերախումբը, «Օսքար»-ի ներկայացումով:

Արդարեւ, 25 օգոստոս 1963-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 9:00-ին Զահլէի սինեմա «Օփերա»-ի մէջ բեմադրուեցաւ պէյրութահայութեան շատ ծանօթ «Օսքար» կատակերգութիւնը` ղեկավարութեամբ վաստակաւոր բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի:

Ինչպէս միւս ներկայացումներուն, այս անգամ եւս Համազգայինի թատերախումբին դերասանները ցուցադրեցին յաջող խաղարկութիւն մը, որմէ շատ գոհ մնացին ներկայ հանդիսականները: Աւելորդ պիտի ըլլար անգամ մը եւս յիշել դերակատարները, որոնք անհրաժեշտ բծախնդրութեամբ բեմ բարձրացան եւ հարազատ կերպով վերապրեցուցին «Օսքար»-ի ուրախ մթնոլորտը:

Այս գեղեցիկ ձեռնարկը կազմակերպուած էր Զահլէի Օգնութեան խաչին կողմէ, որ կրցած էր այդքան կարճ ժամանակի մէջ լեցնել սրահը: Հոս կ՛ուզենք մատնանշել պարագայ մը: Առաջին անգամն է, որ Համազգայինի թատերախումբը Զահլէի մէջ կը կազմակերպէ թատերական ներկայացում մը, եւ կը յուսանք, որ Զահլէի հայութիւնը ուրիշ առիթներով եւս կարենայ ծափահարել բոլորին կողմէ գնահատուած այս խումբը: Ինչպէս ուրիշ ձեռնարկներ, «Օսքար»-ի ներկայացումն ալ կատարուեցաւ ի գին նիւթական եւ բարոյական զոհողութիւններու:

Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Համազգայինի թատերախումբին եւ անոր ղեկավար Ժորժ Սարգիսեանին, որ հակառակ շատ մը դժուարութիւններու, առանց որեւէ նիւթական վարձատրութեան յաջողցուց Օգնութեան խաչին այս ձեռնարկը:

Ներկայացումէն անմիջապէս ետք թատերախումբը իր լրիւ կազմով Օգնութեան խաչին կողմէ Ուատի հրաւիրուեցաւ: Ստեղծուեցաւ զուարթ մթնոլորտ մը:

Այս առիթով եղան հետեւեալ նուիրատուութիւնները.

Անդրանիկ Աթայեան 25 լ.ո., Անարատ յղութեան քոյրեր 25 լ.ո., Հաննա Գասարճեան 20 լ.ո., Սահակ Գասարճեան 15 լ.ո., Այնճարի Օգնութեան խաչի վարչութեան կողմէ 10 լ.ոսկի:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )