Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Լաւատես ըլլալու շատ պատճառներ ունիք: Աստղերը կը խոստանան փայլուն ապագայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Պիտի արտայայտէք ձեր վատ տրամադրութիւնը: Ձեր շուրջինները կը զգային այս երեւոյթը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրինակը տուէք հոն, ուր կը բացակայի կարգապահութիւնը: Պիտի զբաղիք դաստիարակութեամբ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ունեցած պարզ բարեկամութիւնը պիտի վերածուի ջերմ սիրոյ: Անկեղծ մնացէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եռուն աշխատանք պիտի ունենաք, որ կը պահանջէ նոյնքան ախուժ տրամադրութիւն:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր ուժը կը տարբերի ուրիշներուն ունեցածէն: Սիրեցէք այն, որ ձեզ կ՛ընէ եզակի: Երանի ձեզի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միայն ծախսելու տրամադրութեամբ մի՛ հետաքրքրուիք: Խոհեմ եղէք եւ հաւասարակշռեցէք ձեր պիւտճէն:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի խանդավառէք մթնոլորտը, ո՛ւր որ ալ գտնուիք: Ի՜նչ հմայք, ի՜նչ բարձր մակարդակ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կազմակերպուեցէք: Ձեր աշխատանքին մէջ շուտով պիտի յառաջանաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Բարեկամ մը ձեզի պիտի արտայայտէ իր լաւ տրամադրութիւնը: Մի՛ վհատիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դժուարութիւն պիտի ունենաք ձեր յատկանիշները ցուցաբերելու: Արդարեւ, մրցակցութիւնը դիւրին չէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արտասահման գտնուող անձի մը հետ պիտի զրուցէք: Ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարելաւուի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )