Ճափոնն Ու Թուրքիան` «Մխիթարութեան Կիներ»-ուն Եւ Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Յուլիս 9-ին, սովորաբար հանդարտ Կլենտէյլը դարձաւ միջազգային մեծ բանավէճի կիզակէտ, երբ քաղաքային խորհուրդը վաւերացուց յուշակոթողի մը կառուցումը` նուիրուած «Մխիթարութեան կիներ»-ուն` 200 հազար երիտասարդ աղջիկներու, որոնք սեռային ստրկութեան ենթարկուած էին ճափոնական բանակին կողմէ Քորէայի ու հարեւան երկիրներու գրաւման ընթացքին, Բ. Համաշխարհային պատերազմէն առաջ եւ անոր ընթացքին:

Քաղաքային խորհուրդը, լսելով հակասական վկայութիւններ տեղական ճափոնական եւ քորէական համայնքներու անդամներուն կողմէ, քուէներու չորս թեր, մէկ դէմ յարաբերակցութեամբ հաստատեց «Մխիթարութեան կիներ»-ուն ի պատիւ յուշարձանի տեղադրումը Կլենտէյլի մէջ: Յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խորհուրդի անդամներ Արա Նաճարեան եւ Զարեհ Սինանեան ցաւակցութիւն յայտնեցին «Մխիթարութեան կիներ»-ուն դժբախտ կացութեան համար, քանի որ իրենց հայ նախնիները նոյնպէս Թուրքիոյ մէջ տառապած էին զանգուածային վայրագութիւններէն:

Թուրքիոյ կողմէն Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան եւ ճափոնական բանակին կողմէ «Մխիթարութեան կիներ»-ուն սեռական ստրկացման միջեւ կատարուած զուգահեռներէն մտահոգուած` Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի հիւպատոսութիւնը հանդիպում խնդրած էր Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ` այս հարցին վերաբերեալ իր կառավարութեան դիրքորոշումը ներկայացնելու համար:

Փոխհիւպատոս Մասահիրօ Սուկայի հետ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին ունեցած հանդիպման ընթացքին ակնյայտ դարձաւ, որ Ճափոնի կառավարութիւնը շատ աւելի դրական կը վերաբերի ճափոնական կայսերական բանակին կողմէ կատարուած ոճիրներուն հետ, քան Թուրքիոյ կառավարութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան: Մ. Սուկան յստակեցուց, որ Ճափոն ընդունած է իր պատասխանատուութիւնը  «Մխիթարութեան կիներ»-ուն իրաւունքներու խախտման վերաբերեալ` ներողութիւն խնդրելով զոհերէն եւ փոխհատուցում վճարելով անոնց:

Այնուամենայնիւ, «Մխիթարութեան կիներ»-ը դժգոհ են ճափոնական «քաւութեան» քայլերէն` մեղադրելով ճափոնցի պաշտօնատարները այս հարցին վերաբերեալ հակասական յայտարարութիւններ կատարելու յանցանքով: «Մխիթարութեան կիներ»-ուն անդամներէն շատերը նաեւ հրաժարած են առաջարկուող նիւթական օգնութենէն` պնդելով, որ ան մասամբ կը տրամադրուի մասնաւոր աղբիւրներու, ոչ թէ Ճափոնի կառավարութեան կողմէն: 2007 թուականին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց «Մխիթարութեան կիներ»-ուն աջակցութեան բանաձեւ` կոչ ընելով Ճափոնի կառավարութեան «պաշտօնապէս ճանչնալու, ներողութիւն խնդրելու եւ պատմական պատասխանատուութիւն ստանձնելու` յստակ եւ աներկդիմի կերպով իր Կայսերական զինուած ուժերուն կողմէ երիտասարդ կիներու սեռական ստրկութիւն պարտադրելուն համար»:

Պարզելու համար, թէ «Մխիթարութեան կիներ»-ու  հարցին վերաբերեալ Ճափոնի արձագանգը ինչ ձեւով կը տարբերի Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ թրքական կառավարութեան ժխտողական դիրքորոշումէն, ես զրուցեցի Լոս Անճելըսի մէջ Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոս Ճիւն Նիյմիի հետ: Ան ջերմօրէն խօսեցաւ հայերու հետ ունեցած իր «մտերմութեան» մասին, որ ձեւաւորուած է 1995-1998 թուականներուն, Թեհրանի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան մէջ ծառայելու տարիներուն, եւ Հայաստան կատարած իր հետագայ այցելութիւններուն ընթացքին, երբ կ’աշխատէր Մոսկուայի մէջ Ճափոնի դեսպանութեան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի «Մխիթարութեան կիներ»-ու  առնչութեամբ Ճափոնի կառավարութեան դիրքորոշման, Ճ. Նիյմին բացատրեց, որ 1995 թուականին Ճափոնի վարչապետ Թոմիիյցի Մուրայաման հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` «մեծ զղջում» եւ «սրտագին ներողութիւն» յայտնելով: Ճափոնը նաեւ «փոխհատուցում տրամադրած է` Կիներու ասիական հիմնադրամին միջոցով»:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ Թուրքիոյ եւ «Մխիթարութեան կիներ»-ու բռնի շահագործման հանդէպ Ճափոնի արձագանգի տարբերութիւններուն, գլխաւոր հիւպատոս Նիյմին նշեց երեք կէտ.

«Ճափոնի կառավարութիւնը քաջատեղեակ է անցեալ դարու սկիզբը հայ ժողովուրդին պատուհասած ողբերգութենէն: Կը ցանկանք մեր խորին ցաւակցութիւնը եւ կարեկցանքը արտայայտել արձանագրուած զոհերուն համար: Մենք հաստատակամ ենք, որ նման ողբերգութիւններ երբեք պէտք չէ կրկնուին»: Երկրորդ կէտը կը վերաբերի թրքական կառավարութեան դիրքորոշման: Խօսքը այլ երկրի դիրքորոշման մասին է: Թէեւ մենք տեղեակ ենք այդ վայրագութեան մասին, սակայն ի վիճակի չենք մանրամասնօրէն հասկնալու, թէ մէկ դար առաջ ի՛նչ տեղի ունեցած է այդ տարածքին մէջ: Այնպէս որ, մենք չենք կրնար որեւէ մեկնաբանութիւն կատարել Թուրքիոյ կառավարութեան դիրքորոշման վերաբերեալ: Բայց ես կ’ուզեմ կրկնել, որ մենք տեղեակ ենք այդ ողբերգութեան մասին եւ կը փափաքինք մեր կարեկցանքն ու ցաւակցութիւնը յայտնել: Եւ երրորդ կէտը այն է, որ անկախ թրքական կառավարութեան դիրքորոշումէն, Ճափոնի կառավարութեան դիրքորոշումը «Մխիթարութեան կիներ»-ուն  հարցին վերաբերեալ հետեւեալն է. ան ներողութիւն ու զղջում յայտնած է եւ ջանքեր գործադրած է աջակցելու նախկին «Մխիթարութեան կիներ»-ուն:

Ես գլխաւոր հիւպատոսին տեղեկացուցի, որ Ճափոնի դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ շատ չի տարբերիր Թուրքիոյ ունեցած դիրքորոշումէն:  Ճ. Նիյմիին խնդրեցի իր երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցել, որ Ճափոնի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բացակայութիւնը կը զօրացնէ թերահաւատութիւնը այն մարդոց, որոնք կասկածի տակ կը դնեն Ճափոնի կառավարութեան անկեղծութիւնը «Մխիթարութեան կիներ»-ուն  հարցին արդարացի լուծման իմաստով:

Իբրեւ պատասխան` Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոսը յայտնեց իր ըմբռնումը, որ` «ողբերգութիւն բառը այնքան ալ լաւ չի հնչեր ձեզի համար, քանի որ ան ցեղասպանութիւն է»: Ան խոստացաւ այս հարցին վերաբերեալ «հայ համայնքին զգացումները» փոխանցել իր կառավարութեան:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքէջը

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )