Ըստ «Հաարեց»-ի. Թուրքիա-Իսրայէլ Հաշտութիւնը Որեւէ Պահու Կրնայ Տեղի Ունենալ

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան բանակցութիւնները լաւապէս յառաջ կ՛ընթանան եւ հաւանական է, որ այդ հարցով որեւէ պահու համաձայնութիւն գոյանայ:

«Հաարեց» կը հաղորդէ, որ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատար մը թրքական «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած է, որ «ոչ ոք անակնկալի պէտք է գայ երկու երկիրներուն միջեւ հաշտութեան եւ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութեանց մէջ բեկումի մը յառաջացումով, եւ ես բնականոնացման հոլովոյթին դիմաց կեցող որեւէ արգելք չեմ տեսներ»:

Ան շաբաթ օր «Թուտէյզ Զաման»-ին յայտնած էր, որ Իսրայէլի հետ իր երկրին դիւանագիտական տագնապին վերջ տալու բանակցութիւնները ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, եւ այդ տագնապը որեւէ պահու կրնայ վերջ գտնել:

 

Share this Article
CATEGORIES