Հալէպ. Նարեկ Վարժապետեան Ազատ Արձակուեցաւ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ շաբաթէ մը աւելի Հալէպի հետ կապ հաստատելը անկարելի էր, չէին գործեր քաղաքային, բջիջային եւ համացանցային կապերը: Շաբաթ օր կարելի եղած է կապ հաստատել եւ տեղեկանալ, որ բացի օրեր առաջ Սուլէյմանիէի մէջ ինկած հրթիռի դէպքէն, հայաշատ թաղամասերուն մէջ միջադէպեր չեն արձանագրուած:

Շրջակայքէն կը լսուին ամէն տեսակի զէնքի ձայներ: Ինչ կը վերաբերի կենցաղային խնդիրներուն, սննդեղէնը կարելի է ապահովել բաւական սուղ գիներով: Վառելանիւթի պակասը զգալի է: Միութենական կեանքը կը շարունակուի ըստ կարելւոյն:

Թէեւ դժուարաւ, սակայն Շտապի աշխատանքները կը շարունակուին: Գաղութը կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ դպրոցներու վերամուտին:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը նաեւ տեղեկացուց, որ Դամասկոսի մէջ իրավիճակը համեմատաբար հանգիստ կը նկատուի, բացի կարգ մը հրասանդի հրթիռներու հարուածներէն, որոնք պատճառեցին նիւթական վնասներ: Յատկանշական էր երէկ` կիրակի օր եկեղեցիներուն մէջ Սուրիոյ խաղաղութեան համար աղօթքի օրուան առիթով բազմաթիւ հաւատացեալներու մասնակցութիւնը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ մօտ 1,5 ամիս առաջ առեւանգուած հայորդի Նարեկ Վարժապետեան ազատ արձակուեցաւ: Վարժապետեանի ազատ արձակման մասին լուրը հաղորդեց անոր հայրը` Ստեփան Վարժապետեան, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն:

Յայտնենք, որ Նարեկ Վարժապետեան առեւանգուած էր Հալէպ-Երեւան ճամբուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )