Լիբանանի 36-րդ Միջազգային Ռելի. Ռոժէ Ֆըղալի Տիրացաւ Տիտղոսին` 11-րդ Անգամ Ըլլալով
Լիբանանի փորձառու վարորդ Ռոժէ Ֆըղալի երէկ կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ 11-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ (յաջորդաբար 10-րդը) Լիբանանի միջազգային ռելիի տիտղոսին` արձանագրելով 2 ժամ 33′ 27″ արդիւնք մը:
2-րդ դիրքը գրաւեց քաթարցի Նասեր Աթիէ (2 ժամ 33′ 58″), իսկ 3-րդ դիրքը` Ռոժէ Ֆըղալիի եղբայրը` Ապտօ Ֆըղալի (2 ժամ 39′ 38″):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէի, որ կը ներկայացնէր հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը:
Յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով` Լիբանանի միջազգային ռելիի գլխաւոր հովանաւոր ընկերութիւնը` « ԹՈԹԱԼ» յատուկ հրաւէր մը ուղղեց մարզական լրագրողներուն (որոնց կարգին` «ԱԶԴԱԿ»-ին), կարեւոր անձնաւորութիւններու, յատուկ հրաւիրեալներու, Լիբանանի մէջ գտնուող տարբեր տեսակի ինքնաշարժներու հաստատութիւններու տնօրէններուն եւ այլն:
Իր այս քայլով «ԹՈԹԱԼ» կը միտի մարզական աշխարհին աւելի մօտ պահել այս մարզով մօտէն հետաքրքրուողները, որպէսզի անոնց համար հասանելի ըլլայ այս պարագային Լիբանանի մէջ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկը նկատուող ռելին:
Նախորդ երկու տարիներուն, «ԹՈԹԱԼ» ռելիին ընթացքին կարեւոր հանգրուանի մրցում մը կը հովանաւորէր: Այս տարի անիկա յատուկ փոտիում մը պատրաստած էր իր հիւրերուն համար ճիշդ ռելիի սկիզբի վայրէն` ՈՒՈԹԸՐ ՖՐՈՆԹԷՆ, ապա անիկա ընթրիքի երեկոյով մը պատուեց իր հիւրերը: