Խաշմանեան. «Հայաստան Իւրաքանչիւր Մրցումի Պիտի Պայքարի Յաղթանակի Համար»

10 հոկտեմբերին Հայաստանի ֆութպոլի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը Լեհաստանի մէջ պիտի սկսի իր պայքարը` Եւրոպայի 2014-ի ախոյեանութեան զտումի հանգրուանի Բ. խմբակի մրցումներուն գծով, իրեն մրցակից ունենալով Լեհաստանը, Ռումանիան, Լիթուանիան:

Մրցաշարքին ազդանշանը տրուելէն ճիշդ ամիս մը առաջ, հայկական ArmSport.am լրատուական կայքէջը յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանին հետ:

Ստորեւ` այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.

ՀԱՐՑՈՒՄ.– Նախորդ յունիսին հաւաքականը մէկ շաբթուան համար ուսումնամարզական հաւաք մը կատարեց Հանքաւանի մէջ: Արդեօք այլ հաւաք մը եւս նախատեսուա՞ծ է նախքան Լեհաստան մեկնիլը:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այո՛: Հոկտեմբերին նախատեսած ենք հաւաք մը եւս, որմէ ետք պիտի մեկնինք Լեհաստան: Դժբախտաբար, Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն սկիզբով չկրցանք խումբը աւելի մէկտեղել»:

Հ.- Հայաստան յաջորդաբար պիտի մրցի Ռումանիոյ, Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ դէմ: Ի՞նչ գիտէք մրցակիցներուն մասին եւ կը կարծէ՞ք, որ Հայաստանի խմբակը լաւ է:

Պ.– Կը կարծեմ, որ Ռումանիա եւ Լեհաստան աւելի զօրաւոր են Լիթուանիայէն` դիտելէ ետք, անոնց կատարած կարգ մը մրցումները: Սակայն այդ ուղղութեամբ ճիշդ որոշում տալը դժուար է, որովհետեւ կրտսերներու խումբերու պարագային միշտ մարզիկները իրարու կը փոխարինեն:

Ինչ կը վերաբերի խմբակին պարզած վիճակին, ֆութպոլի մէջ միշտ անակնկալներ կան եւ զօրաւոր նկատուող խումբ մը կրնայ դուրս մնալ մրցաշարքէն:

Հ.- Ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ Հայաստանի հաւաքականը` Լեհաստանի մէջ:

Պ.- Կու գամ շեշտելու, որ Հայաստան իւրաքանչիւր մրցումի պիտի պայքարի միա՛յն յաղթանակի համար: Թէեւ մեր մրցակիցները աւելի փորձառու են եւ անոնք արդէն իսկ 20-ական միջազգային մրցումներ կատարած են, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք անպարտելի են: Ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայենք յաջորդ հանգրուան հասնելու համար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )