Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնները դիւրաւ գործուելիք քայլեր չեն` աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնները անպայման իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան միջարաբական յարաբերութիւններուն վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս գտնուող ուժեր կը ջանան դիտմամբ քանդել այն, ինչ որ լիբանանցիները արաբներուն հետ ի յայտ բերած են:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ եւ սուրիացի ժողովրդավարականներուն կողմէ Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատան դիմաց երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին կատարուելիք բողոքի ցոյցը ջնջուեցաւ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կայուն է, իսկ Կեդրոնական դրամատան մօտ պահեստի գումարներու բարձր համեմատութիւն կայ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց Հըզպալլային դուրս գալու Սուրիայէն, որպէսզի կարելի ըլլայ փակել Լիբանանի դէմ հակաժիհատի դռները: Ան շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի կողմէ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները ցուցադրութիւն են եւ ժողովուրդին նեղութիւն պատճառելու արարքներ եւ ոչ թէ անձնական ապահովութիւն:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատասխանատուներ մտահոգ են, որ Լիբանանի մէջ կարգ մը դեսպանատուներ կրնան յարձակումի թիրախ դառնալ եւ լիբանանցի կարգ մը անձնաւորութիւններ սպաննուիլ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ հաստատեց, որ բոլորը հրաւիրուած են ընդառաջելու Սուրիոյ համար ծոմապահութեան եւ աղօթք մատուցելու առումով Ֆրանչիսկոս պապին կոչին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ տարածքին մեծ թիւով եկեղեցիներ շաբաթավերջին աղօթքներ մատուցեցին` նուիրուած Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման:

ԺԵԶԶԻՆԻ մէջ Տիրամօր արձան մը քանդուած վիճակի մէջ գտնուած է:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ դեսպանատան աղբիւրներ կը հերքեն Ռուսիոյ դեսպանատունը իր անձնակազմէն եւ պաշտօնէութենէն դատարկելու լուրերը:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա իր կեցուածքներէն անշեղ պիտի մնայ:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի քաղաքական հարցերու պատասխանատու Պասսամ Համմուտ յայտնեց, որ Լիբանան վտանգի գօտիին մէջ կը գտնուի. ան միաժամանակ կոչ ուղղեց Հըզպալլայի` դուրս գալու «սուրիական տիղմէն»:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական աղբիւրներուն համաձայն, Հըզպալլան է, որ կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանի ազգային շահերուն ապահովումը երբեք հաշուի չ՛առներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ լիբանանցիները պէտք է ըսեն, թէ ինչպիսի՛ պետութիւն մը կը փափաքին կերտել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները կ՛ենթադրեն զիջումներ կատարել` կազմել կարենալու համար երկրին կառավարութիւնը:

ՆԱՍԸՐԱԿԱՆ շարժումի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ Սուրիա պայքարող է եւ անպայման կը յաղթէ նաեւ ամերիկեան բռնարարքներուն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի երկխօսութեան առաջարկը տակաւին առկայ է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այդ առաջարկը լրջօրէն եւ պատասխանատուութեամբ քննարկել:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ Նաժահ Ուաքիմ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան  հարուածին հաւանականութիւնը մերժող արաբական կեցուածքը շատ տկար է եւ անմակարդակ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ արաբական աշխարհին մէջ այսօր տիրող կացութիւնը կը փաստէ, թէ անիկա դաւադրութիւն մըն է ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրներուն դիմադրող երկիրներուն դէմ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Լիբանանի քրիստոնեաներուն դէմ գրգռութիւններէն եւ սադրանքներէն վախ չկայ, այլ` արտագաղթէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )