Թինընթի. «Կացութեան Բռնկումին Պարագային ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերը Պիտի Չհեռանան»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը պիտի չհեռանան Լիբանանէն կացութեան բռնկումին պարագային:

Ան ըսաւ, որ այդ պարագային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը խզուած կ՛ըլլայ` նկատի ունենալով, որ բռնարարքները եւ զինուորական գործողութիւնները կը սկսին:

«Այդ պարագային մեր կացութիւնը կ՛որոշէ Ապահովութեան խորհուրդը», ըսաւ ան:

Թինընթի աւելցուց, որ իրենց առաքելութիւնը ցարդ կը մնայ նոյնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ թիւ 1701 բանաձեւին առնչուած երկու կողմերը վերահաստատած են այդ բանաձեւը գործադրելու նկատմամբ իրենց յարգանքը:

Share this Article
CATEGORIES