Միքաթի Կոչ Ուղղեց Լիբանանը Սուրիոյ Տագնապէն Զանց Կացուցելու

Զասպիքին եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն երկիրը Սուրիոյ տագնապէն զանց կացուցելու, ինչպէս նաեւ գործակցելու` կազմելու համար Լիբանանի նոր կառավարութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ներքին լիբանանեան հարցերը լուծել:

Միքաթի ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը այս տագնապներէն հեռու պահել եւ օժանդակել անոր դիմագրաւած զանազան հարցերուն, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարին լուծման:

Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Ռուսիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ` կանխարգիլելու համար Սուրիոյ դէմ զինուորական գործողութիւնը, ինչպէս նաեւ ճիգ չի խնայեր Լիբանանը զանց կացուցելու շրջանին եւ ի մասնաւորի Սուրիոյ տագնապէն:

Միքաթիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Ճիուզեփէ Մորապեթոն, որ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան»: Ան աւելցուց, որ Իտալիոյ դեսպանատունը Լիբանանէն հեռանալու կոչ չ՛ուղղեր իր քաղաքացիներուն:

Մորապեթօ ընդգծեց, որ Իտալիա նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան:

Միքաթի նախագահեց նաեւ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Թրիփոլիի ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի մէջ տիրող կացութիւնը` զայն թիրախ դարձուցած երկու պայթումներէն ետք:

Նիստին ընթացքին Միքաթի ողջունեց բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ Թրիփոլիի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները եւ յոյս յայտնեց, որ Թրիփոլիի բոլոր պատասխանատուները գործակցին ապահովութեան ուժերուն հետ` պահպանելու համար շրջանին ապահովական կայունութիւնը:

Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց հիւսիսային Պէյրութի մէջ երթեւեկի մնայուն խճողումը թեթեւցնելու պատկերացումները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )