Ապատի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնենք Կանխարգիլելու Համար Պատերազմը»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ապատի շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` կանխարգիլելու համար պատերազմը, որ բոլորը պիտի հրկիզէ:

«Ոչ ոք պէտք է ընդունի պատերազմը, նոյնիսկ եթէ ան սահմանափակ տարողութեամբ ըլլայ, որովհետեւ պատերազմը սկսելու որոշումը տուողը չի կրնար ճշդել անոր աւարտը», ըսաւ Ապատի:

Ապատի խստիւ դատապարտեց Մաալուլայի սրբավայրերուն պղծումը եւ ահաբեկչական բոլոր յարձակումները` ընդգծելով, որ այդ յարձակումներուն առաջքը առնելու համար անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել` դիմադրելու համար շրջանին մէջ գործադրուող ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )