Նախագահ Սլէյման Խստիւ Դատապարտեց Սրբավայրերու Պղծումը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման խստիւ դատապարտեց սրբավայրերու պղծումը ամբողջ աշխարհի տարածքին: Ան շեշտեց, որ սրբավայրերը կը խորհրդանշեն քաղաքակրթութիւնը, խաղաղութեան ոգին, հանդուրժողականութիւնը, ներողամտութիւնն ու եղբայրութիւնը:
Նախագահ Սլէյման խիստ ընդվզում յայտնեց Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական սրբավայրերու պղծումին եւ հազարամեակներէ ի վեր քրիստոնեաներով բնակուած Մաալուլա գիւղաքաղաքին մէջ ապրող քաղաքացիներուն դէմ գործուած յարձակումին առնչութեամբ:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ այս արարքները ամօթալի են, դատապարտելի են եւ մերժելի: «Նման արարքներ Աստուծոյ եւ միջազգային հանրային կարծիքին դիմաց այդ պղծումը գործող կողմերուն պատկերը կ՛աղաւաղեն:
Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց զինեալ բոլոր խմբաւորումներուն յարգելու պատերազմի օրէնքներն ու սկզբունքները, ինչպէս նաեւ մարդկային յարաբերութիւնները եւ մարդ անհատին ներկայացուցած արժէքն ու արժանապատուութիւնը:
Նախագահ Սլէյման այս հարցը քննարկեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ, Նիսի մէջ անոնց ունեցած հանդիպումին ընթացքին. ան աւելցուց, որ ինք այս հարցը պիտի քննարկէ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին եւ Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին հետ, ինչպէս նաեւ պիտի անդրադառնայ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին` զայն քննարկելէ ետք այդ նիստին մասնակցող տարբեր երկիրներու նախագահներուն հետ:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Պէյթէտտինի պալատին մէջ գաղդէացիներու առաջնորդ Միշել Գասարժի եպիսկոպոսին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին:
Անոնք շեշտեցին նաեւ սրբավայրերն ու եկեղեցիները զանազան տագնապներէ հեռու պահելու եւ անոնց նկատմամբ յարգանքը պահելու անհրաժեշտութիւնը: