Արժանթին. Հայ Համայնքը Բողոքեց Թուրքիոյ Վարչապետին Դէմ
Պուէնոս Այրեսի «Արմենիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 7 սեպտեմբերին, հակառակ տեղատարափ անձրեւին, Արժանթինի հայ համայնքը բողոքեց Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ, որ Պուէնոս Այրես կը գտնուէր 2020 թուականին համար ողիմպիական խաղերու նստավայրին համար Պոլիս քաղաքի նշանակումը քաջալերելու նպատակով: Ցուցարարները յատկապէս շեշտեցին մարդկային իրաւունքներու դէմ Թուրքիոյ ճնշումները եւ 1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը:
Բողոքի ցոյցը նախաձեռնեց ՀՅԴ «Արմենիա» երիտասարդական միութիւնը, որուն Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ռազմիկ Նալպանտեան ողիմպիական խաղերուն ընդգծեց, որ «Թուրքիոյ նշանակումը իբրեւ 2020 թուականի ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ երկիր բոլորովին կը հակասէ ողիմպիական էութեան եւ ոգիին` տրուած ըլլալով, որ ողիմպիական խաղերուն նպատակներէն մէկն է ազգերու համախմբումը մարզախաղի միջոցով»: Իր խօսքին մէջ Նալպանտեան նոյնպէս ըսաւ. «Եթէ Թուրքիա նպատակ ունի անգամ մը եւս իր թեկնածութիւնը ներկայացնել իբրեւ ողիմպիական խաղերու կազմակերպիչ երկիր, Էրտողանի կառավարութիւնը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը, եւ վերջերս ուղղակի իր երկրի բնակչութեան վրայ ճնշած է` Թաքսիմ հրապարակի ցոյցերուն ընթացքին ու բազմաթիւ լրագրողներու բանտարկութեամբ, պէտք է ընդունի քիւրտ ժողովուրդի իրաւունքները եւ վերջ դնէ իր յարձակողական արտաքին քաղաքականութեան, որուն հետեւանքով յարակից երկիրներու կայունութիւնը վտանգի տակ դրուած է»:
Թրքական Անդրադարձը
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պուէնոս Այրեսի «Հայ երիտասարդներու միութիւն»-ը Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած է:
500 հոգինոց խումբ մը հաւաքուած է «Հիլթըն» պանդոկին մօտ, ուր պէտք է ընտրուէր 2020-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքը:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչները բարձրացուցած են պաստառներ, որոնց վրայ եղած են Էրտողանի եւ Աթաթուրքի նկարներն ու «Երէկուան ցեղասպանները այսօրուան ժխտողներն են. ցեղասպան թուրք պետութիւն» գրութիւնը:
Ցոյցերուն Հրանդ Տինքի լուսանկարէն բացի եղած են Պոլսոյ Կեզի հանրապարտէզի ցոյցերու ընթացքին զոհուած Ալի Իսմայիլ Քորքմազի եւ Մեհմեթ Այվալիոթաշի լուսանկարները:
Անձրեւուն տակ շարունակուած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները փորձած են ցոյց տալ, որ Թուրքիան վտանգաւոր է ողիմպիական խաղերու կայացման համար:
Ցոյցէն ետք յստակ դարձած է, որ Պոլիսը 2020-ի ողիմպիական խաղերը հիւրընկալող քաղաքը պիտի չըլլայ, այլ` Թոքիոն: