Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր հետաքրքրութիւնը կը զարգանայ դէպի օտար մշակոյթ, որով կ՛առաջնորդուիք կատարելու ճամբորդութիւն մը: Կեդրոնացէք որոշ փափաքի մը վրայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ապագան կը ժպտի ձեզի: Բնաւ մի՛ վախնաք փոփոխութիւններէ: Օրը յաջող է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Համաձայնագրեր, ստորագրութիւններ եւ այլ գործառնութիւններ պիտի ընթանան յաջողութեամբ, առանց որեւէ խնդրի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր մարմինը պէտք ունի մարձումի եւ հանգիստի: Դուք եւս իրաւունք ունիք խնամուելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Հին յուշերով պիտի վերապրիք: Ընտանեկան անցեալը կը հետաքրքրէ ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Սահման պէտք է դնէք ձեր վազվզուքին, ապա թէ ոչ կրնաք անելի մէջ գտնուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այցելեցէք ձեր հարազատներուն, որոնց չէիք այցելած երկար ատենէ ի վեր, անտարբեր մի՛ մնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքները պիտի գնահատուին: Մնացէք նոյն խանդավառութեամբ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ինքնավստահութիւնը լաւ տուեալ մըն է: Այս իրողութիւնը պիտի քաջալերէ ձեզ յառաջդիմելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ցուցաբերէք ձեր լրջութիւնը, երբ յանձն առնէք աշխատանք մը: Յաջողութիւնը կ՛ընթանայ ձեզի հետ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Վաղուց չտեսնուած ձեր բարեկամները պիտի վերագտնէք, կարծէք` բնաւ չէիք բաժնուած անոնցմէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Չէք կրնար հրաշքներ ստեղծել: Ուշադիր եղէք ուրեմն նոր աշխատանքներ կատարելու ձեր ջանքերուն:

