50 Տարի Առաջ (11 Սեպտեմբեր 1963)

Խմբագրական

Նշխար Հաղորդութեան

(Ս. Զաւարեանի Մահուան 50-ամեակին Առթիւ)

Այս տարի յիսնամեակն է ՀՅ Դաշնակցութեան առաքելատիպ հիմնադիրներէն` Սիմոն Զաւարեանի, որ հոկտեմբերի ցուրտ օր մը, դասախօսութենէ մը դարձին, կ՛իյնար յանկարծ` խոր սուգի մատնելով համայն հայութիւնը:

Սահմանադրութեան օրեր էին, բայց մօտալուտ վտանգը կը զգացուէր հորիզոնին վրայ, ուր սեւ ամպեր կը կուտակուէին` անորոշ ապագայի մը մտահոգութիւններով: Սիմոն Զաւարեան կ՛իյնար, տակաւին երիտասարդ, ամբողջ ժողովուրդի մը տառապանքը ապրած մարդու մը հոգեկան մաշումով:

Ականատեսներ տակաւին կ՛ապրին ու յետին մանրամասնութիւններով կը յիշեն այն փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որուն արժանացուց հայ ժողովուրդը իր ազնուասիրտ զաւակը: Համատարած սուգի եւ խոր տրտմութեան մէջ, հայութիւնը անմահներու օթեւանը կը բարձրացնէր «աշխարհական սուրբ» մը, որ իր վտիտ մարմնին մէջ զանգուածները իրենց դարաւոր թմբիրէն արթնցնելու եւ ազատագրութեան ճամբաներուն վրայ իբրեւ անձնուրաց ֆետայի նետելու անսահման կարողութիւնը ունեցաւ, կախարդական հմայքով մը:

Դանիէլ Վարուժան, որ եղաւ արժանաւոր դամբանախօսներէն մէկը Սիմոն Զաւարեանի, բանաստեղծական անզուսպ թռիչքով մը, պարզ ու յուզիչ բառերու մէջ, տուաւ իր գեղեցկագոյն քերթուածներէն մէկը, հանգուցեալին դագաղին առջեւ, երբ յեղակարծ յօրինումով մը արտասանեց իր «Առկայծ ճրագ»-ը.

… Հերսս տղաս զարնուած է կուրծքէն
Հարս, ճրագդ մարէ…

Սիմոն Զաւարեան, երեք սիւներէն մէկը Հայ Յեղափոխութեան, իր կեանքին ու գործին ճամբով, եղաւ մէկը այն բացառիկ դէմքերէն, որոնց համար ժողովուրդը վերապահած էր իր սրտին ամէնէն մտերիմ մէկ անկիւնը` կենդանութեան զայն պաշտամունքի առարկայ դարձնելով, իսկ յետ մահու` անոր անձին մէջէն լսելու համար այն պատգամը, որ դարերէն կու գայ ու դարերուն կ՛երթայ:

Ժամանակակիցներէն Մ. Վարանդեան կրցած է լաւագոյնս ներկայացնել համակ ջիղ եւ զգացում եղող այս մարդը, «Մաքրագոյնը մաքուրներուն», որ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան ճամբուն վրայ, երբ մութ էր ամէն կողմ, գիտցաւ հրդեհներ բռնկեցնել հոգիներու մէջ` իր շունչին ջերմութեամբ, կախարդանքո՛վը խօսքին, որ կու գար իր ազնուական հոգիէն` սրբազան հաղորդութեան մը հանգոյն խանդավառելու եւ սրբացնելու համար շուրջինները:

Նահատակ մը եղաւ Զաւարեան, ինքնամոռաց նուիրեալ մը, որուն կեանքը մէկ զսպանակ ունէր` հայութեան ազատագրութիւնը դարերու գերութեան շղթաներէն:

Ու ինչ որ ինք եւ իր անմոռանալի ընկերները` մարդակերտ Քրիստափորն ու համակ կամք Ռոստոմը վառեցին հայութեան հոգիին մէջ, դարձաւ հրդեհ մը բոցավառ` լուսաւորելու համար այն ուղին, ուրկէ պիտի անցնէր Հայ Յեղափոխութիւնը` հասնելու համար կատարը երազին` Հայաստանի անկախութեան:

Յիսուն տարիներ անցած են: Հայութեան ապրելու իմաստ եւ պայքարելու ջիղ տուող այդ հսկաներէն երեք նկարներ մնացած են այսօր մեր ակումբներու պատերուն վրայ:

Բայց անոնք միայն հոն չեն: Զարդ չեն: Հոգիին մէջ են գաղափարական երիտասարդութեան, կը կազմեն զարդը անոնց իտէալին, որ եղած էր իտէալը Անմահ Երրորդութեան եւ անձնուրացներու այն փաղանգին, որ մեծ հիմնադիրներու մղումով, բարկացած աստուածներու նման անցաւ հայոց լեռներուն վրայէն:

Ամիս մը ետք ազատատենչ հայութիւնը արժանի շուքով պիտի տօնէ իր մեծ զաւկին մահուան յիսնամեակը: Հրապարակային հանդէսները առիթ պիտի ըլլան վերլուծելու ոչ միայն անոր պայծառ դէմքին ու ամուր նկարագրին հիմնական գիծերը, այլ նաեւ անգամ մը եւս անոր սուրբ հոգին իբրեւ նշխար հաղորդութեան բաշխելու գաղափարական երիտասարդութեան, որ ուխտած է զաւարեաններու ուղիով ընթանալ` իրականացնելու համար միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանի անմար երազը:

 

Share this Article
CATEGORIES