Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ռ. Եիրիկեան Դասախօսեց
Համագործակցական Հայեցակարգին Մասին

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան 25 օգոստոսին Ծաղկաձորի մէջ կայացող ուսուցիչներու վերապատրաստութեան դասընթացքի մասնակիցներուն ներկայացուց համագործակցական պատասխանատուութեան գաղափարը եւ անոր հիմնական նպատակները:

Ռ. Եիրիկեան ուսուցիչներուն ծանօթացուց ընկերութեան համագործակցական պատասխանատուութեան ռազմավարութեան, ընկերութեան կողմէ այս ծիրին մէջ իրականացուող ծրագիրներուն` միեւնոյն ատեն անդրադառնալով ժամանակակից գործարար ոլորտին եւ համագործակցական պատասխանատուութեան միջեւ կապի ապահովման անհրաժեշտութեան:

«Համագործակցական պատասխանատուութիւնը կ՛առնչուի կեանքի բազմաթիւ կողմերուն եւ արժէքներուն` կենցաղավարութեան, յարգանքի, շրջակայ միջավայրին հանդէպ հոգատարութեան, որոնք որեւէ քաղաքակիրթ հասարակութեան հիմքը կը հանդիսանան: Այս գաղափարը տարածելով երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ, մենք պէտք է հասնինք այն հանգրուանին, որ ապագայ սերունդները եւս զգան համագործակցական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը, ընկալեն զայն եւ ապրելակերպի վերածեն», յայտնեց Ռ. Եիրիկեան:

Սիւնիքի Մուցք Գիւղին Մէջ Ոսկի
Նոր Հանք Յայտնաբերուած Է

«Օրոկըն կոլտ» ընկերութիւնը հաստատած է Սիւնիքի մարզի Սիսիանի տարածաշրջանի Մուցք գիւղին մէջ ոսկիի նոր հանքի յայտնաբերման լուրը` հաղորդելով, որ երկրաբանական փորձաքննութիւններով տարածքին մէջ ակնկալուածէն աւելի շատ ոսկիի պաշարներ յայտնաբերուած են: «Փորձաքննութեան արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Մուցքի մէջ ոսկիի հետաքրքրական պաշարներ կան», գրած է StockMarketWire.com կայքը: Այս մասին յայտարարած է ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Էտ Սլօուին:

«Ոսկիի առկայութիւնը ստուգելու համար Մուցքի մէջ բացուած հորերուն ուսումնասիրութիւններուն եւ նախապէս բացուած անցքերուն կրկնակի ուսումնասիրութեան արդիւնքները գերազանցած են մեր ունեցած ակնկալութիւնները: Անհրաժեշտ է շարունակել աշխատանքները` գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս կարելի  է իրականացնել հանքարդիւնաբերման վերահսկման աշխատանքները: Մենք յատկապէս ոգեւորուած ենք մեծ պաշարներով ու բացուած քանի մը հանքերու լայնութեամբ եւ, ի հարկէ, հանքավայրերու մեծ բացուածքով», աւելցուցած է ան:

Տնօրէնը նաեւ նշած է, որ իրենք արդէն տեղեկացուցած են հայաստանեան գործընկերներուն` նախագիծի երկրորդ հանգրուանին անցնելու իրենց մտադրութեան մասին, որուն ծիրին մէջ ընկերութիւնը կ՛ակնկալէ 80 տոկոսի շահ ստանալ` մինչեւ 2016 թուականի օգոստոս ծախսելով ընդհանուր առմամբ 2.5 միլիոն տոլար:

Հայաստանի Համալսարաններուն Մէջ
Սուրիահայերուն Յատուկ Զեղչեր Պիտի Տրուին

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան սուրիահայ ուսանողներուն համար կրթաթոշակի զեղչ կատարելու վերաբերեալ շրջաբերական նամակով դիմած է Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու նախագահներուն:

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի նամակին մէջ նշուած է. «Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնների նախապատրաստական բաժիններում սովորող սուրիահայ ուսանողների համար սահմանել ուսման վարձավճարի 50 տոկոս զեղչ, իսկ բուհում սովորողների համար` ուսման վարձավճարի չափը սահմանել 2012-2013 ուստարուայ համար Հայաստանի քաղաքացիների համար սահմանուած վարձավճարի չափով: Սուրիոյ բուհերից Հայաստանի բուհեր տեղափոխուել ցանկացող սուրիահայ ուսանողների համար, եթէ առարկայական տարբերութիւնները գերազանցում են 20 քրետին, սահմանել առարկայական տարբերութիւնների յանձնման ժամկէտ եւ նրանց հնարաւորութիւն տալ ուսումնառութիւնը շարունակել այն դասարանից, որից նրանք տեղափոխուել են»:

Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու
Յուշարձանի Վերաբերող Մրցում Ջաւախքի Մէջ

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին, Ջաւախքը, որուն բնակչութեան մեծ մասը Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն ժառանգորդներն են, հանդէս եկած է մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին յուշարձան կանգնեցնելու նախաձեռնութեամբ:

Ռուսիոյ ջաւախահայերու համայնքը այդ նախաձեռնութեան համար անհրաժեշտ նկատած է գտնել արժանի ճարտարապետական նախագիծ մը, որուն համար կազմակերպութիւնը յայտարարած է յուշարձանի լաւագոյն նախագիծի մրցում, որուն յաղթողը պիտի պարգեւատրուի: Բոլոր ներկայացուած նախագիծերը հրապարակաւ պիտի ներկայացուին, իսկ յաղթողը պիտի ընտրուի համայն հայութեան կողմէ:

«Քարերի Սիմֆոնիա» Պաստառը
Յաղթած Է ՄԱԿի Մրցումին

Հայաստան յաղթանակ ապահոված է ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան (UNWTO) 2013-ի «Վեթթոր Կիուսթի» զբօսաշրջային պաստառներու մրցումին` «Եւրոպա» բաժանմունքին մէջ: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի հանրային կապերու գրասենեակին համաձայն, այս լուրը պաշտօնապէս յայտարարուած է Զամպիոյ եւ Զիմպապուէի մէջ 24-29 օգոստոսին տեղի ունեցած Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան 20-րդ Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին:

Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի եւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ ներկայացուած Հայաստանի «Քարերի սիմֆոնիա» պաստառը լաւագոյնը նկատուած է Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի յանձնաժողովի 44 անդամ-երկիրներու մէջ:

«Վեթթոր Կիուսթի» զբօսաշրջային պաստառներու մրցումը տեղի կ՛ունենայ երկու տարին անգամ մը:

Եւրոպայի լաւագոյն զբօսաշրջային պաստառ տիտղոսը ապացոյցն է Հայաստանի բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով առնուած բազմաթիւ քայլերու: Անիկա յատկապէս կարեւոր է Հայաստանի պատմամշակութային եւ ազգային-հոգեւոր ժառանգութիւնը համաշխարհային մակարդակի վրայ ճանաչելի դարձնելու եւ ներգնայ զբօսաշրջային հոսքը խթանելու իմաստով:

Հայաստանի «Քարերի սիմֆոնիա» պաստառը պիտի ցուցադրուի ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջային համաշխարհային կազմակերպութեան մատրիտեան ղեկավարման մարմինի գրասենեակի նախասրահին մէջ եւ ելեկտրոնային տարբերակով տեղակայուած պիտի մնայ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին վրայ` մինչեւ 2015 թուականին կայանալիք մրցումը:

Ծիրանի Արտածման Քանակը Մրցանշային Է`
84
Տոկոսով Աւելի Նախորդ Տարիէն

Հայաստանի մէջ արդէն իրենց աւարտին հասած են 2013 թուականի ծիրանի մթերման աշխատանքները:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն յայտնած են, որ այս տարուան ընթացքին ծիրանի մթերման քանակը շուրջ 47 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան մթերման ցուցանիշը: Այս տարի 28 պտուղ-բանջարեղէն վերամշակող ընկերութիւններ մթերած են 13,044 թոն ծիրան` նախորդ տարուան 8855 թոնի փոխարէն: Այս տարի մրցանշային եղած են ծիրանի արտածման ցուցանիշները: 29 ընկերութիւն եւ 514 անհատներ արտածած են շուրջ 23,240 թոն ծիրան, որուն 19,810 թոնը` Ռուսիա, 2593 թոնը` Վրաստան, 668 թոնը` Ուքրանիա եւ փոքր քանակներով նաեւ այլ երկիրներ:

Ընդհանուր առմամբ ծիրանի արտածման քանակը 84 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան արտածման ցուցանիշը:

Հայաստանէն Դեղձի Արտածման Քանակը
Գերազանցած Է 700 Թոնը

«Հայաստանից դեղձի արտահանման ծաւալները գերազանցել են 700 թոնը` 71.4 տոկոսով գերազանցելով նախորդ տարուայ ցուցանիշը», հաստատած է գիւղատնտեսութեան փոխնախարար Ռոբերտ Մակարեանը: «Այսօրուայ դրութեամբ արդէն 720 թոն դեղձ է արտահանուել, իսկ մթերման ծաւալները կազմել են 460 թոն», նշած է ան: Գիւղատնտեսութեան փոխնախարարը յայտնած է նաեւ, որ 28 օգոստոսի դրութեամբ Հայաստանէն արտածուած է 775 թոն լոլիկ, մթերուած` 6000 թոն:

Հայաստանի մէջ 9 օգոստոսին սկսած են դեղձի եւ լոլիկի մթերումները: Մինչ այդ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կատարած է հսկողութիւն` գիւղատնտեսական բոլոր մթերքներու կանխատեսուող քանակներու վերաբերող, որպէսզի մթերումները առանց խոչընդոտներու կատարուին: Ըստ գոյացած տուեալներուն,  60 հազար թոն բանջարեղէնի եւ 34 հազար թոն պտուղի մթերման նախնական պահանջ կայ: Դեղձի մթերումը կատարած են` «Նոյ» գործարանը, Արտաշատի պահածոներու գործարանը եւ «Սիս Նատուրա» գործարանը, ինչպէս նաեւ` քանի մը փոքր կազմակերպութիւններ:

Մթերումներէն առաջ տրուած են նաեւ` այցելութիւններ վերամշակող մեծ կազմակերպութիւններու: Կարկտահարութենէն ետք եւս կատարուած է դեղձի եւ ծիրանի կանխատեսուող ծաւալներու գնահատում:

Արցախի Տիգրանակերտի Գտածոները Կրնան
Նոր Գիւտերու Հիմք Դառնալ

Արցախի Տիգրանակերտի այս տարուան հնագիտական պեղումներուն իբրեւ արդիւնք` յայտնաբերուած են շատ հետաքրքրական գտածոներ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Տիգրանակերտի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլեթ Պետրոսեանը: Հնագէտին համաձայն, այս տարի շուրջ 50 օր պեղումներ կատարուած են Տիգրանակերտի երեք հիմնական տարածքներու մէջ` ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի շարունակութեան վրայ, հին թաղամասին եւ վաղքրիստոնէական տաճարի հիւսիսային բակին մէջ: «Հիւսիսային պարսպապատի հատուածում բացուել է պարսպի շարունակութեան նոր` 25 մեթրանոց հատուածը: Պարիսպը պեղման հատուածի եզրում ուղիղ անկեան տակ թեքւում է, սպասելի է հերթական աշտարակի յայտնաբերումը: Արդէն կարող ենք ասել, որ պարսպի երկարութիւնը 225 մեթրի է հասնում: Գտածոների մէջ գերակշիռ մեծամասնութիւն են կազմում հին խեցանօթների բեկորները, առանձնանում են հին ծորակաւոր սափորի վերնամասը, մեծ կարասի գօտեզարդ պսակն ու իրանի բեկորները, փոքր տափաշիշը եւ այլն», նշած է ան:

Պետրոսեանի համաձայն, հին թաղամասին մէջ այս տարուան պեղումներուն շնորհիւ կարելի է խօսիլ ուղղանկիւն սենեակներէ բաղկացած համալիրներու մասին, որոնք ունին ակնյայտ երկրագործական տնտեսավարման բնոյթ: Պեղումներուն ընթացքին երկրագործական տնտեսութեան վերաբերող գտածոներէն զատ գտնուած են հարուստ ու բարձրորակ խեցեղէն, հում կաւէ պատրաստուած ջուլհակութեան առնչուող բազմաթիւ իլիկներ, յատկանշական են ներմուծուած կաւէ անօթներու առանձին օրինակները:

«Ուշագրաւ գիւտեր են արձանագրուել պազիլիք տաճարի հիւսիսային բակի պեղումների արդիւնքում: Պեղումները ցոյց են տուել, որ եկեղեցուն զուգահեռ առկայ են կոթողային մի այլ շինութեան մնացորդներ, որի հիւսիսային պատի մի հատուածն արդէն ունի մօտ տասը մեթր երկարութիւն: Պատը շարուած է սրբատաշ պլոքներով, կրաշաղախով, ունի սրբատաշ սալերով իրականացուած յատակ եւ ձգւում է արեւմուտքից արեւելք: Տիգրանակերտի շրջակայքում հնարաւոր եղաւ ի յայտ բերել նման չորս նոր կոթողներ եւս», դիտել տուած է Տիգրանակերտի պեղումներուն ղեկավարը:

Հնագէտը նշած է նաեւ, որ այս տարուան պեղումներուն ընթացքին մաքրուած է վաղքրիստոնէական եկեղեցին, պեղուած է վաղքրիստոնէական մէկ թաղամասը, ուր գտնուած են քարէ թեւաւոր խաչի մնացորդներ:

Այս տարի Արցախի Տիգրանակերտի պեղումներուն մասնակցած են նաեւ Ֆլորանսի համալսարանի հնագէտները: «Արցախի Տիգրանակերտը բացառիկ դիտարժան յուշարձաններից է, որտեղ ամէն տարի հազարաւոր զբօսաշրջիկներ են այցելում», յայտնած է Պետրոսեան:

Արցախի Տիգրանակերտի պեղումները այս տարի սկսած են 25 յունիսին եւ շարունակուած են մինչեւ 19 օգոստոս:

Հրանուշ Յակոբեան Կարեւոր Նկատած Է
Միօրեայ Դպրոցներու Հաստատումը

Օգոստոս 23-ին կայացած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը: Օրակարգի վրայ էին երեք հիմնական հարցեր:

Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց-2013 ծրագիրի իրականացման մասին զեկուցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան:

Ցուցադրուած է տեսանիւթ` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի առօրեային մասին: Խօսուած է ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու, սփիւռքի դպրոցները դասագիրքերով ապահովելու անհրաժեշտութեան մասին:

Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան տարածաշրջանի հայ համայնքներու կրթական մշակութային հարցերու լուծման օժանդակութեան 2013-ի ծրագիրով նախատեսուած նախաձեռնութիւններու գործադրութեան ժամանակացոյցը ներկայացուցած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան երկիրներու հայ համայնքներու վարչութեան նախագահ Անդրանիկ Արշակեան:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան 2011-ի օգոստոսէն մինչեւ այս տարուան օգոստոս կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցումով հանդէս եկած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան նախագահ Վաղինակ Վարդանեանը:

Ամփոփելով նիստը` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան կարեւոր նկատած է միօրեայ դպրոցներու ստեղծումը, հայերէնի ուսուցումը, ուսուցիչներու վերապատրաստումը: Ամփոփուած են հետագայ ծրագիրները եւ կատարելիքները:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )