98-Ամեակ Մուսա Լերան Հերոսամարտի. Այնճար. Երիտասարդական Արուեստի Ցուցահանդէս` «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային Տան Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ` երեքշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ երիտասարդական արուեստի ցուցահանդէսով սկիզբ առաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներու շարքը, որ պիտի երկարի մինչեւ կիրակի, 15  սեպտեմբեր :

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին եւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին անունով ներկաները ողջունեց Եսայի Հաւաթեան` բացուած յայտարարելով հերոսամարտի 98-ամեակի ձեռնարկներու շարքը եւ հրաւիրելով Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչը`  ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանելու:

Լիզա Թիւմպերեան-Հեքիմեան

Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան անունով խօսք առաւ Լիզա Թիւմպերեան-Հեքիմեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի «Ռ. Նաքեան» արուեստի դպրոցի յանձնախումբին, որ կազմակերպած էր այս գեղանկարչական ցուցահանդէսը` հանրութեան ներկայացնելով երեք խոստմնալից երիտասարդներ` Շողակ Գապաքեան, Նայիրի Թասլաքեան եւ Արմիկ Քերքեզեան:  Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց իւրաքանչիւր գեղանկարիչի կենսագրականը` յոյս յայտնելով, որ այս ուժերը հետագային հանդէս գան անհատական ցուցահանդէսներով:

Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան գեղանկարիչները հրաւիրեց երեք գեղանկարիչները եւ «Ռ. Նաքեան» արուեստի դպրոցի ուսուցիչ, գեղանկարիչ Կարպիս Քենտիրճեանը` բացումը կատարելու ցուցահանդէսին: Ներկաները առիթ ունեցան տեսնելու տարբեր թեմաներով 31 գեղանկարչական աշխատանքներ: Դիտողները բարձր գնահատեցին երեք գեղանկարիչներուն աշխատանքները` յաջողութիւն մաղթելով անոնց:

Յատնենք, որ ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )