2014-ի Մոնտիալ. Անտեղի Փենալթի, Կարմիր Քարտ Եւ Նուազագոյն Հաշուով Պարտութիւն

 

 

 

 

 

 

 

Երէկ` երեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր 8-րդ մրցումը` «Հրազդան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Դանիան:

Երթի մրցումին հայրենի կազմը, որ Քոփենհակընի մէջ 4-0 արդիւնքով ջախջախած էր Դանիան, երէկուան մրցումին կրեց պարտութիւն մը` նուազագոյն հաշուով:

Կը կարծուէր, որ Հայաստան այլ յաղթանակ մը եւս պիտի արձանագրէ իր մրցակիցին դէմ, սակայն պատահեցաւ հակառակը եւ հիւր կազմը ինք եղաւ յաղթականը:

Հայաստան, որ այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր հինգերորդ պարտութիւնը, զարմանալիօրէն անոնցմէ չորսը կրեց իր դաշտին վրայ` հետեւեալ շարքով.

Իտալիա (3-1), Չեխիա (3-0), Մալթա (1-0) եւ Դանիա (1-0): Իսկ հինգերորդը կրեց Սոֆիայի մէջ` Պուլկարիայէն (1-0):

Ինչ կը վերաբերի երէկ նշանակուած կոլին, որ փենալթին կոլի վերածեց Տանիել Էկըր (73-րդ), իսկապէս անիկա եղաւ անտեղի, որովհետեւ Վարազդատ Հարոյեան երբեք պէտք չունէր այդ զօրաւոր թեքըլը կատարելու:

Անոր այդ քայլին պատճառով իրաւարարը սուլեց անտեղի փենալթի մը, որուն յաջորդեց կարմիր քարտը (երկրորդ դեղինէն ետք) եւ նուազագոյն հաշուով պարտութիւնը` 1-0 արդիւնքով:

Հայաստանի կողմէ ստեղծուած առիթները եղան աւելի քիչ, քան` Դանիոյ կողմէ կազմակերպուած յարձակումները, որոնք եղան աւելի սերտուած: Վիրաւոր Ռոման Պերեզովսքին փոխարինած Գէորգ Գասպարով շատ լաւ կատարեց իր պաշտօնը: Եթէ փենալթին չըլլար, ան ի վիճակի էր իր բերդը պահել անառիկ:

65-րդ վայրկեանին Սթեֆան Անտերսոնի բերդը փրկուեցաւ կոլէ մը, երբ Արազ Օզպիլիսի հարուածը զսպուեցաւ ուղղահայեաց սիւնին կողմէ:

Ատկէ երկու վայրկեան ետք, Հայաստանի ներկայացաւ այլ առիթ մը, սակայն հիւր կազմին պզտիկ քառակուսիին մօտ ստեղծուած խառնաշփոթ իրավիճակին տէր դարձան դանիացիք:

Իր կրած այս պարտութենէն ետք, Հայաստան 4-րդ դիրքէն նահանջեց 5-րդ դիրք, եւ խմբակին 2-րդ դիրքը գրաւելու անոր յոյսերը գրեթէ ամբողջութեամբ կորսուեցան:

Հայաստան յառաջիկայ ամիս պիտի կատարէ զտումի իր վերջին երկու մրցումները:

11 հոկտեմբերին պիտի հիւրընկալէ Պուլկարիան, իսկ 15 հոկտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Իտալիոյ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )