Ֆրանսախօս Երկիրներու 7-րդ Խաղեր. Հայաստան Տիրացաւ Իր 3-րդ Ոսկի Մետալին
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կ՛ըսէ, որ Նիսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցող Ֆրանսախօս երկիրներու 7-րդ խաղերուն 3-րդ օրը, Հայաստանի մարզիկներուն յաղթարշաւը կը շարունակուի:
Արդարեւ, երէկ ազատ ոճի ըմբիշ Վիքթոր Քազիշվիլի 96 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ապահովեց երրորդ ոսկի մետալը:
Նշենք, որ վերջերս` 17 օգոստոսին, Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունեցած ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան առաջին օրը ան տիրացած էր արծաթ մետալին:
Հայաստանի համար Նիսի մէջ առաջին երկու ոսկի մետալ ապահովողները եղած էին ազատ ոճի ըմբիշներ Օհան Գիքինեան (55 քկ) եւ Նարեկ Սիրունեան (66 քկ):
CATEGORIES Մարզական