Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հրապարակեց որոշում մը, որուն հիման վրայ երկարաձգեց բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Էտմոն Ֆատելի պաշտօնավարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ Մաարապի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մուհսեն Տալլուլ երէկ յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ղեկավարողը նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան է եւ անոր կ՛օժանդակէ երեսփոխան Պահիա Հարիրին: Տալլուլ շեշտեց, որ Հարիրի ընտանիքը քաջ գիտէ, թէ հաւատադրժողականները քաջալերելը սիւննի չափաւորականութեան կը վնասէ, սակայն ան չի կրնար դիմադրել այդ հոսանքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Խտըր Հապիպ կը յայտնէ, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմելու հոլովոյթը վերադարձած է զերօ կէտին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ մաղթեց, որ Լիբանանը զերծ կացուցուի Սուրիոյ դէմ զինուորական որեւէ հարուածի հետեւանքներէն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կեցուածքներուն ամբողջականութիւնը քրիստոնէական եւ ազգային երաշխիք կը նկատուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ չկայ տուեալ մը, որ կը քաջալերէ մօտիկ ապագային կառավարութեան կազմութիւնը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն մէկը «Տիար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ հաւատադրժողական ծրագիրը յաղթանակ արձանագրէ, ապա անիկա պիտի փոխադրուի Լիբանան:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Ռիատ Թապպարա անհաւանական նկատեց շրջանային պատերազմի մը բռնկումը, եթէ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան հարուած մը հասնի:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանը պէտք է զերծ կացուցել Սուրիոյ դէմ գործուելիք զինուորական հարուածէն:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակին, Լիբանանի կառավարութեան չէզոք կեցուածքին եւ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն զօրակցութիւնը պիտի ըլլան 25 սեպտեմբերի խորհրդաժողովին գլխաւոր խորագիրները:

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսը յայտնեց, որ Մաալուլայի մէջ կացութիւնը կը մնայ նոյնը` աւելցնելով, որ լուրերուն մեծ մասը իրենք տեղեկատուական մարզէն կը քաղեն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն յատուկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան առումով Հըզպալլա ոչ մէկ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Լիբանանի իսկական տագնապը անոր արտաքին քաղաքականութեան մէջ կը կայանայ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ գործող օտար դեսպանները պատասխանատու կողմերը տեղեակ պահած են` նոր կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի յայտնեց, որ քաղաքապետարանի ոստիկանները զինելու հարցը մանրամասնութիւն մըն է, որ ապահովական կառոյցներուն պատասխանատուութիւնն է: Ան աւելցուց սակայն, որ անոնց պատասխանատուութիւնն է գործակցիլ` առկայ սպառնալիքները դիմագրաւելու համար:

ՂՊԷՅՐԻԻ քաղաքապետ Մոհամետ Խանսա շեշտեց, որ իրենք որոշ ատենէ մը ի վեր արդէն իսկ սկսած են ապահովութիւն պահպանելու օժանդակութիւնը երաշխաւորել:

ՓԱՂԱԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ նախանցեալ երեկոյեան ապահովութեան ուժերը ստուգած են իր բնակարանին մօտ կեցած «կասկածելի ինքնաշարժ»-ը եւ ի յայտ եկած է, որ այդ ինքնաշարժը ականուած չէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )