Զօր. Աուն. «Մաալուլան Մարդկային Իրաւունքները Անարգելու Փաստ Մըն Է Եւ Այլեւս Կարելի Չէ Լուռ Մնալ»

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:

Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ Պլուտան շրջանէն ստացած են նամակ մը, որուն մէջ մտահոգութիւն յայտնուած է, թէ Ժապհաթ Նուսրան կրնայ մուտք գործել Պլուտան, ինչպէս որ ան մուտք գործած է Մաալուլա:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ իրենք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած են պատրիարքներուն հետ եւ զանոնք տեղեակ պահած այդ նամակին բովանդակութեան մասին:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի կը շեշտէ, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները պաշտպանելու կարիք չկայ, իսկ Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը հաստատէ, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները տեղ չունին: Իսկ մենք կը շեշտենք, որ սուրիացիները չենք ուզեր պաշտպանել, այլ մարդկային իրաւունքները գործադրել, որովհետեւ մարդկային իրաւունքները յարգելով յարգած կ՛ըլլանք քրիստոնեաներուն իրաւունքները: Հետեւաբար անոնք, որոնք Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ մարդկային իրաւունքները յարգելու կոչեր կ՛ուղղեն, թող այդ կոչերը ուղղեն արաբական երկիրներուն մէջ», ըսաւ զօր. Աուն:

Զօր. Աուն հարց տուաւ, որ եթէ Մաալուլայի մէջ սրբավայրերը չհրկիզեցին եւ քաղաքացիները չսպաննեցին, ապա ինչպէ՞ս այդ դէպքերուն մասին լուսանկարներ հասած են` խստիւ մերժելով նման բռնարարքներուն դիմաց ցուցաբերուած լռութիւնը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ կայ Մաալուլան ու կայ Ժապհաթ Նուսրան եւ պէտք է որոշել, թէ որո՞ւն պէտք է զօրակցիլ: «Եթէ մարդիկ հաւատք չունին, պիտի պարտուին եւ հեռանան շրջանէն: Իսկ երբ Ֆրանչիսկոս պապը եւ Մոսկուայի պատրիարքը աղօթելու կոչ կ՛ուղղեն, ապա անոնք ամբողջ աշխարհին կոչ կ՛ուղղեն, եւ փառք Աստուծոյ աղօթքը յաղթական դուրս եկաւ», շեշտեց զօր. Աուն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Եգիպտոսի մէջ նոյնիսկ սիւննի յարանուանութիւնը չկրցաւ հանդուրժել ծայրայեղութիւնը, հետեւաբար մենք բոլորս պէտք է գիտակցինք, թէ ի՛նչ է հարցը:

Միւս կողմէ, զօր. Աուն հաստատեց, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը կը ստանձնէ կառավարութեան պարտականութիւնները` ընդգծելով, որ իրենք կը մերժեն այդ իրականութիւնը եւ անհրաժեշտ կը գտնեն կառավարութեան արտակարգ նիստերու գումարումը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )