«Կը Մաղթենք, Որ Ռուսական Առաջարկին Հիման Վրայ Կարելի Ըլլայ Լուծել Սուրիոյ Հարցը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ Մուաուատ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ ինք համոզուած է միացեալ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութեամբ` դիմագրաւել կարենալու համար ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները:

Նախագահ Սլէյման դարձեալ կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան»` ընդգծելով լիբանանեան միասնականութեան եւ ներքին լիբանանեան հարցերը լուծելու կարեւորութիւնը, դիմագրաւել կարենալու համար այս հանգրուանը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ ինք միջազգային դրական մթնոլորտ մը շօշափած է` շրջանին մէջ զարգացումներ ստեղծուելու պարագային Լիբանանը անոնցմէ հեռու պահելու առումով:

Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ ռուսական առաջարկին հիման վրայ կարելի ըլլայ լուծել Սուրիոյ հարցը` աւելցնելով, որ այս իմաստով Լիբանան կառչած կը մնայ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը ապահովելու իր սկզբունքներուն:

Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ Անկախութեան շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատը, որուն հետ քննարկեց ներկայ քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մուաուատ կոչ ուղղեց  «Պաապտայի յայտարարութեան» հիման վրայ կազմելու կառավարութիւն մը:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր մօր` Մէյ Արսլան Ժոմպլաթի մահուան առիթով:

Կէսօրէ ետք նախագահ Սլէյման ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ կառավարական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )