«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Համար Անհրաժեշտ Է Կողմերու Կամքը» Կ՛ըսէ Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահը
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի հարցին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է երկու կողմերու կամքը: Ան նաեւ յիշեցուցած է, որ տագնապը 21 տարիէ ի վեր կը շարունակուի:
«Եկած է ժամանակը վերջ դնելու ատելութեան ու տառապանքներուն: Եկած է ժամանակը, որ կողմերը սկսին միացեալ աշխատանքի` Հելսինքեան հռչակագիրին հիման վրայ: Կը մօտենայ զինադադարի 20-րդ տարին, եւ կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է գտնել խաղաղութեան հաստատման եւ շրջանի բարգաւաճման ուղին», ըսած է ամերիկացի համանախագահը:
Ըստ անոր, եկած է ժամանակը, որ Մինսքի խմբակը, անոր համանախագահները, Ազրպէյճանը, Հայաստանն ու շրջանի այլ երկիրները միասին աշխատին եւ անհրաժեշտ քայլերուն ձեռնարկեն` տագնապին լուծման համար:
«Ես այստեղ եմ, որպէսզի լսեմ բոլոր կողմերը եւ լաւ հասկնամ իրավիճակը: Ես այստեղ չեմ անցեալին պատճառով, եկած եմ ապագային նայելու եւ տագնապը լուծելու համար», ըսած է ան:
Ուորլիք նշած է, որ անհամբերութեամբ կը սպասէ իր ֆրանսացի եւ ռուս գործընկերներուն հետ աշխատանքներուն սկսելու:
Օպամայէն Նամակ` Ալիեւի
Նախօրէին ամերիկացի նոր համանախագահը Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին փոխանցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ուղերձը, որուն մէջ վերջինս կը գրէ, որ «ժամանակն է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար փոխզիջումի հիման վրայ նոր ջանքեր գործադրելու»:
«Յոյսով եմ, որ դեսպան Ուորլիքի դիւանագիտական հարուստ փորձառութիւնը եւ յառաջխաղացքի հասնելու ձեր կառավարութեան ցանկութիւնը նոր խթան հաղորդէ համանախագահներու աշխատանքին եւ խաղաղ հոլովոյթին: Ես կը սատարեմ Հայաստանի հետ յառաջիկայ ամիսներուն անմիջական երկխօսութեան կարելիութեան, համանախագահներու ունակութեան` բանակցութիւններուն մէջ այժմ տիրող անյոյս իրավիճակէն դուրս գալու համար ուղիներ որոնելուն», գրած է Օպամա:
Ան վստահ է, որ ժամանակն է շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման համար նոր ջանքեր գործադրելու` բանակցութիւններուն մէջ ձեռք բերուած փոխզիջման հիման վրայ:
Նալբանդեան Ընդունեց Ուորլիքը
Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի նոր նշանակուած համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիքը:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան շնորհաւորեց դեսպան Ուորլիքը իր նշանակման առիթով` ընդգծելով, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Միացեալ Նահանգներու եւ միւս համանախագահներուն` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միացեալ, հետեւողական միջնորդական ջանքերը ուղղուած ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման: Նախարար Նալբանդեան յոյս յայտնեց, որ դեսպան Ուորլիքի դիւանագիտական մեծ փորձը եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը ծառայեն այդ նպատակին:
Ուորլիք հաւաստիացուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն ընել իրենց կարելին ղարաբաղեան խնդիրի հանգուցալուծման նպատակով:

