Նալբանդեան Կարելի Կը Նկատէ Եւրոպական Միութեան Հետ Հետագայ Համագործակցութիւնը. Ռուստամեանէն Երեք Հարցում` Նալբանդեանին
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին հաւանական նկատեց Հայաստանի հետագայ համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ` հակառակ Մաքսային միութեան միանալու պաշտօնական Երեւանի մտադրութեան:
Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, որ արդեօք Հայաստան կարելիութիւն պիտի ունենա՞յ նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ Եւրոպական Միութեան հետ նախաստորագրելու Ընկերակցութեան համաձայնագիրը, Նալբանդեան յայտարարեց, որ «մենք յստակօրէն արտայայտուած ենք, եւ անոր մասին ես ըսած եմ նաեւ Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպմանս ժամանակ, եւ դուք գիտէք, որ Լիթուանիա այսօր կը գլխաւորէ Եւրոպական Միութիւնը: Ֆիւլէի հետ մեր հանդիպումէն ետք, մենք հրապարակեցինք Հայաստանի կողմէ արտայայտուած ցանկութիւնը` կարելի բոլոր ձեւաչափերով եւ ըստ կարելւոյն սերտ եւ խոր համագործակցութիւն ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ եւ շարունակել առաջ տանիլ մեր յարաբերութիւնները` հիմնուելով վերջերս Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ արձանագրուած դրական կէտերուն վրայ եւ բոլոր կարելի ուղղութիւններով, որոնք կարելի պիտի ըլլան Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ որոնք չեն հակասեր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելու որոշման»:
Նալբանդեան անպատասխան ձգեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին այն հարցումը, թէ ինչո՞ւ Հայաստան չորս տարի Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի համաձայնագիրին շուրջ բանակցելէ ետք` որոշեց Մաքսային միութեան անդամակցիլ:
Նախարար Նալբանդեան երէկ Ազգային ժողովին մէջ հանդիպում ունեցաւ պատգամաւորներուն հետ` դռնփակ նիստին ընթացքին պարզաբանումներ տալու Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հարցին շուրջ:
Ընդդիմադիր պատգամաւորներէն ոմանք, մասնաւորաբար Արմէն Ռուստամեան, Նիկոլ Փաշինեան եւ Ալեքսանտր Արզումանեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին դժգոհեցան, որ նախարարէն չեն ստացած իրենց հետաքրքրող հարցումներուն պատասխանները:
Ռուստամեանէն Երեք Հարցում` Նալբանդեանին
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն յայտնեց, որ Մաքսային միութեան անդամակցութեան որոշման վերաբերեալ երեք հարցումներ ուղղած է նախարարին: Ան նշեց, որ առաջին հարցումը կը վերաբերէր Ղարաբաղի անվտանգութեան. հարցումին պատասխանելով նախարար Նալբանդեան վստահեցուց, որ Ղարաբաղ պիտի չտուժէ Մաքսային միութեան միանալու որոշումէն: Ռուստամեան աւելցուց, որ երկրորդ հարցումը Հայաստանի պարտաւորութիւններուն շուրջ էր: Նախարար Նալբանդեան այս ուղղութեամբ յայտնեց, որ պարտաւորութիւններ կան, եւ ծաւալը տարբեր է, բայց Արմէն Ռուստամեանին համար յստակ չդարձաւ, թէ արդեօք հաշուարկը կատարուա՞ծ է եւ հետագային արդեօք Հայաստանին նորէն պիտի չըսե՞ն, որ դուք հիմա ալ չէք համապատասխաներ առեւտրական համաշխարհային կազմակերպութեան: Իսկ երրորդ հարցումը կը վերաբերէր անոր, թէ արդեօք Եւրասիական միութիւնը քաղաքական միաւոր դառնալու պարագային նորէն պիտի չստիպէ՞ վերատեսութեան ենթարկել Վիլնիուսի մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը: Էդուարդ Նալբանդեան այս հարցումին չպատասխանեց: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք արտաքին գործոց նախարարը խօսա՞ծ է Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի վրայ գործուած ճնշումներուն մասին, դաշնակցական պատգամաւորը յայտնեց, որ Նալբանդեան վստահեցուցած է, որ որեւէ ճնշում չէ եղած եւ կատարուած յայտարարութիւնները այդքան ալ անսպասելի չեն եղած: Ռուստամեան նշեց, որ կարելի է համաձայն ըլլալ այս խօսքին հետ, որովհետեւ նախագահը հանրութեան խօսք ուղղեց, որ Հայաստան հրաւէր չէ ստացած, որպէսզի քննարկէ, բայց դէմ չէ այդ հոլովոյթին մէջ մտնելու: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ երբ արտաքին գործոց նախարարին հարցուցած են, թէ ինչո՞ւ 4 տարի բանակցելէ ետք որոշեցին այս անգամ անդամակցիլ Մաքսային միութեան, Էդուարդ Նալբանդեան պատասխանեց, որ որեւէ նոր բան չէ եղած, որ կրնար ցնցում յառաջացնել:
Նախարար Նալբանդեան ընդգծած է, որ Հայաստան բազմիցս հանդիպումներ ունեցած է եւրոպացիներուն հետ, որոնք երբեք չեն ըսած, թէ Հայաստանի մօտեցումները իրենց համար ընդունելու չեն` Մաքսային միութեան անդամակցելու վերաբերեալ: Ըստ նախարարին, եւրոպացիները տեղեակ պահուած են, որ գոյութիւն ունի Մաքսային միութեան հոլովոյթ: Արմէն Ռուստամեան յայտնեց, որ ինք տեղեակ չէ, թէ ի՛նչ ձեւով բանակցութիւնները տարուած են, բայց Ղարաբաղի հարցին մէջ Հայաստանի պատասխանը պէտք է յստակ ըլլար: «Ես անոր համար առաջին հարցումը ատիկա ուղղեցի` Ղարաբաղը ո՞ւր պիտի ըլլայ, եթէ Ղարաբաղը պիտի գտնուի Մաքսային միութեան մէջ, այնուհետեւ Եւրասիական միութեան հոլովոյթին մէջ, ապա ես երկու ձեռքով համաձայն եմ, եւ որեւէ մէկ հայ չի կրնար ըսել, թէ ինչո՛ւ Եւրոպայէն հրաժարեցանք եւ եկանք այստեղ», նշեց Ռուստամեան` աւելցնելով, որ մեր կենսական հարցը այսօր Ղարաբաղը պահել եւ անոր ապահովութեան հարցն է: