Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Փոխնախարարը Պիտի Այցելէ Հայաստան
Ըստ ԱՓԱ լրատու գործակալութեան, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտուլլայեւ լրագրողներուն յայտնեց, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մահմուտ Մամետկուլիեւ այս շաբաթ Հայաստան պիտի այցելէ:
Ըստ Ապտուլլայեւի, այցելութեան նպատակը մասնակցութիւնն է 12-13 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական նիստին:
Նիստին պիտի մասնակցի նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Ֆուատ Իսքենտերով:
Նախորդ շաբաթավերջին Մահմուտ Մամետկուլիեւ յայտնած էր, որ Ազրպէյճանի մասնակցութիւնը երեւանեան նիստին կարելի է` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ ատիկա Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ վերջին հանդիպումն է նոյեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովէն առաջ: