ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ներկայացնող Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ամին Ժեմայէլի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխան Էլի Մարունի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամներ Փիեռ Ժալըխ եւ Ժորժ Եազպեք:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները եւ շրջանային զարգացումները:

Share this Article
CATEGORIES