Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հետեւեցէք ձեր նախազգացումին, անիկա չի խաբեր ձեզ` իրականութիւնը գտնելու:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Որպէսզի ձեր ծրագիրները ձեւաւորուին,  պէտք է հետապնդէք զանոնք: Հարկ է յարատեւել եւ կիսատ մի՛ ձգէք ձեր ջանքերը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զոյգերու միջեւ անհասկացողութիւն պիտի ստեղծուի, երկուքէն ոչ մէկը պիտի զիջի: Ջանացէք համաձայնիլ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ ձեր տրամադրութիւնը վատ է: Մի՛ խանգարէք ձեր շուրջիններուն լաւ տրամադրութիւնը:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի հետեւիք կատարեալ յայտագրի մը` ձեր երիտասարդական եռանդը պահելու համար:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ նեղութիւններ ունիք, արտայայտեցէք ձեր բարեկամներուն, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ձեզի: Մի՛ մտահոգուիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պահն է հետեւելու մասնագիտական դասընթացքի մը, որպէսզի ձեր գիտութիւնը հարստանայ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի չկարենաք զսպել ձեր փափաքը` անօգուտ գնումներ կատարելու, որովհետեւ պիտի մսխէք որոշ գումար մը:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կենսունակ էք եւ կարող` ահագին գործեր կատարելու: Օրը յաջող պիտի ընթանայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճկունութեան փաստը տուէք: Հարկ է, որ յարմարիք ստեղծուած կացութեան:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կը մտածէք օգտակար ըլլալ իրագործումի մը յաջողութեան: Մի՛ վարանիք առաջարկելու ձեր ծառայութիւնը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դուք չէ՞ք կարծեր, որ չէք գնահատուիր ըստ ձեր արժանիքին եւ կարողութեան: Այս զգացումը արտայայտեցէք պարզօրէն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )