50 Տարի Առաջ (12 Սեպտեմբեր 1963)
Թախիծի Երեկոյ Պաղտատի Մէջ
Նուիրուած Վահան Տէրեանի Յիշատակին
(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)
Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի գրական յանձնախումբը օգոստոս 28-ին տուաւ իր գրական եւ գեղարուեստական երեկոն, որ ամբողջութեամբ նուիրուած էր թախիծի անմահ երգիչ Վահան Տէրեանին:
Բացումը կատարեց բժշկուհի Ժանեթ Մուրատեան` բացման խօսքին հետ տալով նաեւ Տէրեանի կեանքը ամփոփ կերպով:
Յետոյ սկսաւ յայտագրին գործադրութիւնը:
Յայտագիրը կը բաղկանար երկու մասերէ: Առաջին մասին մէջ տրուեցան Տէրեանի քերթուածներէն հինգ կտորներ, որոնք կարողացան բնորոշել Տէրեանը եւ իր թախծոտ լարը: Արտասանեցին` Զմրուխտ Մարգարեան, Անուշ Խաղոյեան, Խաչիկ Մելքոնեան, Գրիգոր Մսըրլեան եւ Ժիրայր Եդեմեան:
Յայտագրին Ա. մասը կը պարունակէր նաեւ 3 երգեր Տէրեանէն: Երգեցին` Պերճուհի Մարգարեան, Լիանուշ Խաչատուրեան եւ Վարդան Թորոսեան:
Տէրեանի գրականութեան վերլուծումը տուաւ Շաքէ Աշճեան: Ան փորձեց մօտեցնել Տէրեանը ժողովուրդին, հասկցնել ու մօտէն ճանչցնել վշտի ու մելամաղձոտութեան նուրբ արտայայտիչը:
Իր վերլուծման մէջ Աշճեան կ՛ըսէր.
«Տէրեանի սէրը սպասում մըն է, կարօտ մը, երազ մը անմիտ ու անյոյս, որ չ՛իրականանար բնաւ: Անիկա մութի մէջ կորսուած խորհրդաւոր շող մըն է: Բայց Տէրեանին լեզուն չի գանգատիր, ցասում չունի, այլ բարձրացնող, գեղեցկացնող, անուշ ընթացքով երաժշտութիւն մըն է:
Խօսքերդ կարկաչող, որպէս նուրբ մի զգեստ,
Ստուերում են սրտիդ գաղտնիքները սիրուն,
Քո հոգին չի սիրում մերկութիւն անհամեստ
Դու այնպէս ես սիրում, կարծես թէ չես սիրում…
«Տարուան եղանակներուն մէջ կայ մէկը, որ իր մելամաղձոտ գեղեցկութեամբ իսկ տրտում է, անիկա աշունն է իր տերեւաթափով, մշուշով, անձրեւներով եւ ասոր համար ալ անիկա իր հարազատը կը զգայ աշնան թախծոտ օրերը:
Նորից անձրեւ, մշուշ, ա՜մպ,
Թախի՜ծ անհուն, տխրա՜նք հեզ,
Աշո՛ւն քեզ ի՞նչ քնքշութեամբ,
Ի՞նչ խօսքերով երգեմ քեզ…
Այդ աշունը Տէրեանն է…
«Տէրեանն էր, որ հայ քերթողութիւնը մօտեցուց երաժշտութեան: Իմաստէն աւելի ձայնին ու պատկերին հաւատաց: Տէրեանի քերթողութենէն առաջ եկած երաժշտութիւնը, աւելի շատ եւ աւելի գեղեցկօրէն կ՛արտայայտէր անոր մելամաղձոտ հոգւոյն թոյլ բախումները:
Իմ շիրիմին դալկացող ծաղիկներ ցանեցէք,
Որ խաղաղ ու հանդարտ մահանան
Ինձ անլաց թաղեցէք, ինձ անխօս թաղեցէք
Լռութի՜ւն, լռութիւն, լռութի՜ւն անսահման…
«Տէրեան ժամանակի մաշումէն չ՛ազդուիր բնաւ: Անիկա բոլոր ժամանակներու զգայուն երիտասարդներու մտերիմը պիտի ըլլայ»:
Առաջին մասը աւարտելէն ետք, քառորդ ժամի դադար յայտարարուեցաւ:
Յայտագրին երկրորդ մասը կը կազմէր պատկեր մը` առնուած Տէրեանի կեանքէն: Պատկերը կը բաղկանար 5 մասերէ: Առաջին մասին մէջ բանաստեղծը օտար եւ խորթ երկիրներ պտտած, ձանձրացած ու յոգնած` կը վերադառնայ իր հայրենի երկիրը, իր հայրենի տունը, ուր հին ու հարազատ յիշատակներ կ՛արթննան իր մէջ:
Երկրորդ մասին մէջ իր երեւակայութեամբ կ՛երազէ մայրը, որ եկած է այցելութեան իր զաւկին: Մայրը կը լսէ համբերութեամբ որդւոյն վիշտերն ու մտահոգութիւնները, կը մխիթարէ, կ՛ամոքէ ու կ՛օրհնէ զինք, խաղաղ գիշերուան մէջ:
Երրորդ մասին մէջ Տէրեան կը յիշէ իր մայրը, երբ խրճիթի մէկ անկիւնը նստած իլիկ կը մանէ ու ինք երանութեամբ կը դիտէ իր մօրը վարպետ ձեռքերը աշխատանքի պահուն եւ ոգեւորութեամբ մտիկ կ՛ընէ անոր անհատնում հեքիաթները:
Չորրորդ մասին մէջ դարձեալ տխուր յուշեր կը խռովեն բանաստեղծին հոգին, կը յիշէ հիւանդ մայրը, որ մռայլ խրճիթին մէջ նստած` դուրսէն արեւ, լոյս ու ջերմութիւն կ՛ուղղէ ու եկեղեցւոյ զանգերուն հետ կը դողայ ու կը մահանայ հանդարտ:
Հինգերորդ եւ վերջին մասին մէջ` դարձեալ մինակ, անսահման մինակ, իրենց տան մէջ է կրկին: Թէեւ ամէն ինչ նոյնն է արտաքնապէս, բայց այնպէս դատա՜րկ, այնպէս աւե՜ր կը թուի իրեն իրենց տունը մօրը բացակայութեան, որ մեռած ու թաղուած է հեռու դաշտերուն մէջ:
Պատկերի պատրաստութեան իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Արտաշէս Պալասանեան` գեղարուեստական ղեկավար, Խաժակ Մարաշլեան` բեմայարդարում եւ երաժշտութեան պատրաստութիւն, Վարդան Թովմասեան` լոյսերու պատրաստութիւն: Դերակատարներն էին` Շաքէ Աշճեան եւ Անդրանիկ Սողոմոնեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ