ՔԼՈԶԸ ԱԶԱՏ ՓՈԽԱՆՑՈՒՄՈՎ ՄԸ ՄԻԱՑԱՒ ԼԱՑԻՕ ՌՈՄԱՅԻ
Այնպէս կը թուի, որ գերմանացի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի աւարտէ Իտալիոյ մէջ` նկատի ունենալով, որ ան երէկ ազատ փոխանցումով մը միացաւ Քալչիոյի կազմերէն Լացիօ Ռոմայի:
Պայէրն Միւնիխի 33 տարեկան նախկին մարզիկը` հեռանալով Պունտըսլիկայէն, երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Լացիոյի հետ:
Ծնունդով լեհ Քլոզը Գերմանիոյ հետ 109 մրցումի ընթացքին նշանակած է 61 միջազգային կոլ:
Հարաւային Ափրիկէի մէջ տեղի ունեցած 2010-ի Մոնտիալին ան չորս կոլ նշանակելով 14-ի բարձրացուց իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը (Մոնտիալին գծով)` մէկ կոլով ետ մնալով պրազիլցի Ռոնալտոյէն, որ նախանցեալ օր լքեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` կատարելէ ետք ցուցադրական մրցում մը:
CATEGORIES Մարզական