ԶԱՔԵՐՈՆԻ ԿԸ ՔԱՋԱԼԵՐԷ ՃԱՓՈՆՑԻ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐԸ` ՄԻԱՆԱԼՈՒ ՕՏԱՐ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ
Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբի իտալացի մարզիչ Ալպերթօ Զաքերոնի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին քաջալերեց տեղացի մարզիկները, որպէսզի միանան օտար ակումբներու:
Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց, որպէսզի կարենայ 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն լաւ արդիւնք արձանագրել եւ անշուշտ ապահովել Պրազիլի իր տոմսը:
Անոր կազմին մաս կազմող 25 մարզիկներէն 11-ը
արդէն իսկ մաս կը կազմեն եւրոպական ակումբներու: Շատ հաւանական է, որ շուտով այդ թիւը բարձրանայ 13-ի` նկատի ունենալով, որ յառաջապահներ Թաքաշի Ուսամի եւ Թատանարի Լի պիտի մեկնին եւ միանան գերմանական ակումբներու:
Զաքերոնիի փափաքն է միջազգային մրցումներու ընթացքին իր բոլոր մարզիկները տեսնել նոյն մակարդակին վրայ:
CATEGORIES Մարզական