ԱԹԼԵԹԻԶՄ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ

18-19 յունիսին Իսլանտայի մայրաքաղաք Ռէյքիաւիքի մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի տղոց եւ աղջկանց խմբային ախոյեանութեան 3-րդ դասակարգի մրցումները:

Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 30 մարզիկներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն վեց տեսակի մարզաձեւերու մէջ` մէկ քայլ ոստում, երեք քայլ ոստում, վազք (100 եւ 3000 մեթր), գունդ նետել, նիզակ արձակել եւ սկաւառակ նետել:

Հայաստանէն բացի կը մասնակցին նաեւ Ալպանիոյ, Անտորրայի, Ազրպէյճանի, Պոսնիոյ, Կիպրոսի, Վրաստանի, Իսլանտայի, Իսրայէլի, Լիւքսամպուրկի, Մակեդոնիոյ, Մալթայի, Մոլտաւիոյ եւ Մոնթենեկրոյի հաւաքականները:

 

Share this Article
CATEGORIES