Փասատինայի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Նախագիծը Վաւերացուեցաւ

Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը երկուշաբթի, սեպտեմբեր 9-ին միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը: Յուշարձանը պիտի կանգնեցուի Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակէն առաջ:

Քուէարկութենէն առաջ այս հարցով ելոյթ ունենալու դիմում կատարած են 36 անձեր, որոնց գերակշռող մեծամասնութիւնը յուշարձանը կառուցելու ի նպաստ արտայայտուած է:

Նաեւ 1093 հոգի խնդրագիր-դիմում ստորագրած է` զօրակցելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին առիթով քաղաքին մէջ յուշարձան հաստատելու գաղափարին:

«Շատեր լաւապէս ծանօթ չեն ապրիլ 24-ի հետեւանքներուն` Թուրքիոյ կառավարութեան վարած շարունակական ժխտողական քաղաքականութեան պատճառով: Այս յուշարձանը պէտք չէ միայն ոգեկոչէ անցեալի իրադարձութիւնները, այլ նաեւ պէտք է փարոս մը ըլլայ ապագայ սերունդներուն համար, որպէսզի անոնք չմոռնան ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ` բոլոր անոնք, որոնք անարդարութեան զոհ դարձած են», ըսած է Փասատինայի նախկին ոստիկանապետ Պառնի Մելիքեան, որ անդամ է Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու նպատակով կազմուած յանձնախումբին:

Մինչ որոշ վեթերաններ յայտնած են, թէ «Մեմորիըլ» զբօսայգիին մէջ պէտք է ըլլան միայն ամերիկացի զինուորական զոհերու նուիրուած յուշարձաններ, քննարկումներու աւարտին Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանը կառուցելու որոշումին ի նպաստ քուէարկած են քաղաքապետական խորհուրդին բոլոր անդամները: Քննարկումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ի նպաստ արտայայտուած են նաեւ այլ վեթերաններ:

«Կը կարծեմ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած յուշարձանը կենսական նշանակութիւն ունի համայնքին համար», ըսաւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն Թերի Թորնեք:

Հայոց ցեղասպանութեան մասին համապատասխան արձանագրութեամբ նշեալ յուշարձանի նախագիծին հեղինակն է Քեթրին Մենարտ: Նախագիծին համաձայն, յուշարձանը պիտի ըլլայ 16 ոտք բարձրութեամբ եւ բոլորակաձեւ (28 ոտք տրամագիծով) հարթակով եռանկիւն ցայտաղբիւր մը, որմէ 21 երկվայրկեան անգամ մը մէկ կաթիլ ջուր պիտի ցայտի: Այդ արագութեամբ, մէկ տարուան ընթացքին աղբիւրին մէջ 1.5 միլիոն կաթիլ ջուր պիտի հաւաքուի` խորհրդանշելով Ցեղասպանութեան զոհերը:

Share this Article
CATEGORIES