8-Ամեայ Վանը Մկրտուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ
Սեպտեմբեր 8-ին Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք առաջին անգամ ըլլալով մկրտութիւն տեղի ունեցաւ:
Մկրտուողներէն մէկն էր Պոլիս ապրող եւ իր արմատներուն վերադառնալ ուզող ընտանիք մը` 3 անդամներէ բաղկացած, Հայաստանէն` Շմաւոնը եւ 8-ամեայ Վանը:
«Նիուզ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին 8-ամեայ Վանին հայրիկը` Ռուբէն Ղազարեանը նշած է, որ իր երազը եղած է ունենալ որդի, անունը դնել Վան եւ զայն մկրտել Վանի մէջ: Ռուբէն շատ յստակ կերպով կ՛արտայայտէ իր ուրախութիւնը` բոլորին ըսելով, որ իր երազը իրականացած է, քանի որ որդին մկրտուեցաւ Վանի մէջ: Ան շեշտած է, որ իր որդիին անունը Վան դնելը եւ զայն Վանի մէջ մկրտելը պատահական չէ: «Պէտք է նոր սերունդը հասկանայ, տեսնի, որ Վանը մեր կորցրած հայրենիքն է, որը յետ բերելու համար պէտք է լինել հայրենասէր, պէտք է ուժեղացնել մեր հայրենիքը», հաստատած է Ռուբէն Ղազարեանը:
Ըստ «Նիուզ»-ի, տեղի ունեցած է նաեւ այլ հետաքրքրական պատմութիւն մը: Մկրտուողներէն մէկուն կնքահայրը մոռցած է Հայաստանէն գնուած խաչը իրեն հետ բերելու, ինչ որ նեղ կացութեան մատնած է զայն: Վան մեկնելէ առաջ Անիի աւերակներուն մէջ քալած ատեն կնքահայրը գտած է արծաթեայ խաչ մը, զոր մկրտութեան ընթացքին յանձնած է իր սանուկին:



