Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուեցաւ
Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 10-ին, Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք 3-րդ մեծ պատարագը մատուցուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ:
Պատարագին մասնակցած են մեծ թիւով հայեր` աշխարհի տարբեր երկիրներէ, որոնց շարքին եղած են մօտաւորապէս 50 ուխտաւորներ` Հայաստանէն:
Առանց թրքական դրօշներու եւ Աթաթուրքի նկարներու մատուցուած պատարագին մասնակցած են նաեւ Տիգրանակերտի քաղաքապետը, Տիգրանակերտի կեդրոնի (Սուր) քաղաքապետը, Ատանայի մէջ Միացեալ Նահանգներու երկրորդ հիւպատոսը, քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ:
Պատարագը մատուցած Արամ արք. Աթէշեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ ուրախացնող է, որ բացի պոլսահայերէ` պատարագին կը մասնակցին նաեւ Տիգրանակերտ նահանգէն արմատներով հայ քաղաքացիներ:
Աթէշեան նաեւ Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի խաղաղութեան համար աղօթք կատարած է:
Նշենք, որ 1400 հոգի ընդունող Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376-ին եւ միայն վերջերս վերանորոգուած է` շնորհիւ Պոլիս ապրող տիգրանակերտցի հայերու ստեղծած «Սուրբ Կիրակոս հիմնադրամ»-ին ջանքերուն: Արդարեւ, 2.5 միլիոն տոլար արժող վերանորոգման ծախսերուն 70 տոկոսը վճարած էր նշեալ հիմնադրամը:

