Տեսակէտ-Ազատ Բեմ. Քաղաքական Քրոնիկ(*) Սուրիական Վարչակարգը` Կը Հարուածուի Միացեալ Նահանգներէն` Իր Ազատագրական Դերին Համար, Միացեալ Նահանգներ Չեն Գոհանար Անոր Կառոյցին Ազատականացումով…
Նոր զարգացող երկիրներու պարագային, ապահարզանը կամ անհամապատասխանութիւնը` վարչակարգի մը ընկերային-տնտեսական կառոյցին եւ ասոր քաղաքական դերակատարութեան միջեւ արտօնուած չէ եւ մահացու սխալ մը կը կազմէ իրեն համար: Եւ սուրիական վարչակարգը գործեց այս սխալը…
Նախագահ Պաշշար Ասատ միակուռ եւ ներդաշնակ աշխատանքի ծրագիր մը չառաջադրեց, այլ ունէր միայն ընդհանուր բարեկարգչական մտածելակերպ մը, որ իտէալիստականի աստիճան մակերեսային էր… Եւ խորապէս նկատի չէր առած իր որդեգրած միջոցառումներուն ու կարգադրութիւններուն հետեւանքներն ու յառաջացնելիք բարդութիւնները… ինչ որ պատճառ եղաւ իր վարչակարգին ներսէն խալխլումին… Նախքան` արտաքին զինեալ միջամտութիւնը` կայսերապաշտական Արեւմուտքին, Ծոցի յետադիմութեան, ֆաշական Թուրքիոյ եւ միջազգային սիոնականութեան: Քանի որ այդ միջոցառումներն ու կարգադրութիւնները յանգեցան երկրի ընկերատնտեսական համակարգի կառոյցին (ընկերվարութեան տարազ մը…) արմատական փոփոխութեան, սակայն ինք միաժամանակ պահպանեց իր վարչակարգին արաբականութեան ազգային քաղաքականութեան ազատագրական պաշտօնն ու դերակատարութիւնը նոյնութեամբ, որ ներհակ էր ամերիկեւսիոնական կայսերապաշտութեան…
Պաշշար Ասատի վարչակարգին այս քաղաքական պաշտօնը հակասութեան մէջ էր իր վարչակարգի դէպի ազատականութիւն կառուցային փոփոխութեան հետ: Եւ ամերիկեւսիոնական կայսերապաշտութիւնը չգոհացաւ լոկ կառուցային փոփոխութեամբ եւ պնդելով` պահանջեց անոր վարչակարգին պաշտօնին ալ փոփոխութիւնը: Մինչդեռ կառուցային այս փոփոխութիւնը ինքնին արդէն պատճառ հանդիսացաւ Սուրիոյ ազգային տնտեսութեան համար մեծամեծ տագնապներուն (արդիւնաբերութեան, հողագործութեան եւ արտաքին առեւտուրի մարզերուն մէջ…) եւ մեծաչափ գործազրկութեան…, ինչ որ աշխատաւոր ժողովուրդը խորթացուց վարչակարգէն` ներքին ճակատի վրայ, եւ միւս կողմէ` արտաքին ճակատի վրայ դիւրացուց զինեալ միջամտութիւնը:
Նոյնիսկ կրնանք ըսել, թէ նախագահ Պաշշար Ասատ ամբողջութեամբ չպահպանեց իր վարչակարգին արաբական ազատագրական պաշտօնը, երբ մերձեցաւ Սուրիոյ այն դրացի պետութեան, որ բռնազաւթած էր Ալեքսանտրեթի սանճաքը, զինակիցն էր ամերիկեւսիոնական կայսերապաշտութեան եւ հաւատարիմ ժառանգորդն էր` Օսմանեան կայսրութեան, եւ նաեւ ունէր թուրանական ծաւալողապաշտ եւ իխուանճիական արեւելումներ…
Եւ սակայն, նոյն ատեն, տնտեսական ազատականութեան եւ ֆաշական Թուրքիոյ հանդէպ «բացուելու» այս փորձութեան չընկերակցեցաւ, նաեւ` ներքին ճակատի վրայ, քաղաքական, ժողովրդավարական ազատութիւններու հանդէպ ալ բացուելու քաղաքականութիւն մը: Մինչդեռ այս վերջին բացուիլը մէկ կողմէ պիտի զօրացնէր ներքին դիմադրականութիւնը արտաքին միջամտութեան դէմ, եւ միւս կողմէ` պիտի վերացնէր հասարակութեան ճնշուածութիւնը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի պոռթկում…
Ասիկա նշելով` մենք բնա՛ւ ըսել չենք ուզեր, որ կ՛արդարացնենք ներկայի արտաքին զինեալ բարբարոսային քանդիչ միջամտութիւնը, որովհետեւ այս աւերիչ միջամտութիւնը չի մեկնիր Պաշշար Ասատի կողմէ ժողովրդավարական բարենորոգութիւն կատարած չըլլալու փաստէն, այլ կը մեկնի այն միւս փաստէն, որ ան չփոխեց իր վարչակարգին քաղաքական, ազատագրական պաշտօնը` հրաժարելով իր ազգային արաբական պաշտօնէն, եւ տարածաշրջանին համար` կայսերապաշտութեան ծրագրին դիմադրելու պաշտօնէն: Քանի որ, եթէ Ասատ փոխած ըլլար միայն իր վարչակարգին ազատագրական պաշտօնը` պահպանելով հանդերձ իր հին վարչակարգը, նոյնիսկ առանց դիմելու կառոյցի ազատականացումին, ապա այդ պարագային, ամերիկեւսիոնական կայսերապաշտութիւնը ողջունած պիտի ըլլար զինք ու փառաբանած, կանգնած պիտի ըլլար իր կողքին եւ զօրավիգ կանգնած պիտի ըլլար իր հին վարչակարգին եւ` ամուր կերպով… Ինչպէս զօրավիգ կանգնած էր Լատին Ամերիկայի բռնատիրութիւններուն, որոնցմէ մէկն էր, օրինակ, Փինոշէի բռնատիրութիւնը Չիլիի մէջ` ընդդէմ Սալվատոր Ալլենտէի վարչակարգին, որ ընտրուած էր հարիւր տոկոսով ժողովրդավարականօրէն… նաեւ միւս բռնատիրութիւնները` Արաբական ծոցի եւ իխուանճիական բռնատիրութիւնները Եգիպտոսի, Թունուզի եւ ֆաշական Թուրքիոյ մէջ, որոնք վայելեցին զօրավիգը ամերիկեւսիոնական եւ արեւմտաեւրոպական կայսերապաշտներուն, որովհետեւ այս բոլո՛ր բռնատիրութիւնները կը պաշտպանէին Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի կայսերապաշտական շահերը` տարածաշրջանին մէջ:
Այն մահացու սխալը, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ասատ, կը կայանայ նոր ազատականութեան այն քաղաքականութեան մէջ, զոր գլխաւորեց Ապտալլա Տարտարիի քլիքը հետեւեալ նշանաբանին տակ` «Արտաքին առեւտուրի ազատականացումը բարգաւաճումի վայրաշարժն է», առանց նախապէս զօրացուցած ըլլալու Սուրիոյ տնտեսութեան մրցակցային կարողականութիւնը` միջազգային շրջագիծին մէջ: Այս սխալը վտանգեց երկրին ընկերային ապահովութիւնը եւ քանդեց ազգային տնտեսութիւնը: Կառավարական այս քլիքը, Տարտարիի գլխաւորութեամբ, տենդագինս գործադրեց դրամատիրութեան նոր ազատականութեան բոլոր արեւելումները` ոտնահարելով երկրին բնակչութեան ընդհանրութեան եւ մասնաւորաբար աշխատաւոր խաւին շահերը: Ասիկա պատճառ դարձաւ Սուրիոյ ողջ տարածքին վրայ գործող աշխատանքի դաշտերու եւ գործարաններու փակումին, որոնք ողնայարը կը կազմէին Սուրիոյ ազգային տնտեսութեան, եւ որոնց շնորհիւ իրենց կեանքը կ՛ապահովէին հարիւր հազարաւոր աշխատաւորներ եւ պաշտօնեաներ:
Այս աղէտալի հետեւանքները մասնաւորաբար ակնբախ դարձան, օրինակի համար, միայն երբ տնային եւ գրասենեակային կարասիներու շուկայի դռները բացուեցան Թուրքիայէն ներածումներուն առջեւ, ինչ որ անհամաչափ մրցակցութեան վիճակ ստեղծեց, եւ փակուեցան, օրինակ, Սաքպա աւանի (Դամասկոսի մօտ) հռչակ շահած գործարանները կահկարասիներու արտադրութեան, որոնք Սուրիոյ բոլոր կողմերէն սպառողներու զանգուածներ կը գոհացնէին: Այս գործարաններուն փակումը նոր թիւով գործազուրկներով բազմացուց գործազուրկներու բանակը: Եւ գաղտնիք մը չէ, որ այս գործազուրկները առաջին շարքերուն մէջ կը գտնուէին բողոքի խաղաղ ցոյցերուն, որոնք շարժեցան այն բոլոր թաղամասերուն ու գիւղերուն մէջ, որոնք անցեալին լեցուն էին հազարաւոր գործարաններով` կարասիներու, հագուստեղէնի եւ մորթէ պատրաստուած հանդերձանքի: Այս բոլորին ներածումները Թուրքիայէն` ողողեցին տեղական շուկան եւ կատաղի մրցակցութեան մէջ մտան ազգային արտադրանքներուն հետ:
Այսպէս, Սուրիոյ ազատականներն ու մեծ առեւտրականները (15 մարտ 2011 թուականէն առաջ) այս նոր տնտեսական քաղաքականութիւնը խիստ ձեռնտու գտան` նոր միջոցներով եւս կողոպտելու ժողովուրդը եւ չարաշահելու անոր հացը, անգամ` առանց մտահոգուելու այս նոր քաղաքականութեան` Սուրիոյ ազգային արդիւնաբերութեան պատճառած մեծամեծ վնասներով: Արտաքին առեւտուրի ազատականացումը առեւտրականներու դասին կ՛ապահովէր աւելի մեծ շահեր, քան` արդիւնաբերութիւնը: Ուստի, մեծ թիւով արդիւնաբերներ փակեցին իրենց գործարանները, գործէ արձակեցին հազարաւոր աշխատաւորներ եւ իրենք դարձան ներածող առեւտրականներ: Այս նոր քաղաքականութիւնը, վերջին հաշուով, ժողովուրդի հաշուոյն պարարտացուց մեծ առեւտրականներուն հարստութիւնը եւ հարուածեց Սուրիոյ ազգային տնտեսութիւնը:
Արտաքին առեւտուրի ազատականացումը նախկին ընկերվարական երկիրներու իբր թէ զարգացումին համար մշակուած «բարեկարգչական» դեղագրին մաս կը կազմէր, որ համապարփակ ծրագիր մըն էր, զոր մշակած էր ամերիկեան կայսերապաշտութիւնը` այդ բոլոր երկիրները ամբողջականօրէն ներգրաւելու համար շուկայական տնտեսութեան դաշտին մէջ, եւ այդ ծրագրին տարածման համար կ՛աշխատէին երեքը` Ուաշինկթըն, Միջազգային դրամատուն եւ Արժոյթի միջազգային հիմնարկ, եւ որ կը հիմնուէր հետեւեալ երեք սկզբունքներուն վրայ.
1) Ազատականացնել արտաքին առեւտուրը եւ դուռերը լայն բանալ օտար դրամագլուխի ներդրումներուն առջեւ:
2) Աշխատելու բոլոր ասպարէզները բանալ` տեղական եւ օտար անհատական մարզերուն առջեւ, զայն համարելով բարգաւաճումի հիմնաքարը եւ զարկ տալ սեփականաշնորհումին` ոչ միայն հանրային սպասարկութեանց, այլեւ` պետութեան հանրային մարզին:
3) Շօշափելի չափերով նուազեցնել պետութեան դերն ու միջամտութիւնը` տնտեսական եւ ընկերային հարցերուն մէջ` նուազագոյն չափի իջեցնելով կառավարութիւնը, համաձայն` վայրի դրամատիրութեան նոր ազատականութեան պահանջներուն:
Այս «ազատականումը» արդեօ՞ք իրապէս յանգեցաւ տնտեսական բարգաւաճումի:
Այս կեղծ նշանաբանը կը պահանջէ ջնջել ներածումի վրայ դրուած բոլոր վարչական ու քանակական կաշկանդումները, նուազեցնել մաքսային տուրքերը եւ անսահմանօրէն ազատ թողուլ ներածումը. եւ` այս յիմարութիւնը ծածկելու համար. այս կեղծ նշանաբանը կը պահանջէ (եղեր) «զարկ տալ արտածումներուն», հարկաւ եթէ տակաւին բան մնացած ըլլայ արտահանելու ազգային արդիւնաբերութենէն` այս քանակի ներածումներէն ետք:
Վերջապէս, բայց ոչ վերջին կարգով, ահա՛ ձեզի տանք խօսուն թիւեր` 2012 թուի Արաբական տնտեսութեան միացեալ տեղեկագրի վիճակագրական տուեալներէն: Այս տեղեկագիրը հետեւեալը կ՛ըսէ բառացիօրէն. «Արտաքին առեւտուրի ազատականացումէն առաջ Սուրիոյ արտածումներուն եւ ներածումներուն առեւտուրի կշիռը դրական էր` մինչեւ արտաքին առեւտուրի ազատականացումին հետեւանքներուն երեւան գալը: Այս կշիռին ժխտական արդիւնքները սկսան դուրս գալ եւ աւելնալ` տարուէ տարի 2007 թուականէն սկսեալ: 2007 թ. առեւտուրի կշիռին բացը` ժխտական արդիւնքը հասած էր` 521,1 միլիոն տոլարի: 2008 թուին այդ բացը հասաւ 3669 միլիոն տոլարի: 2010 թուին` 4025 միլիոն տոլարի, իսկ 2011 թուին` 4821 միլիոն տոլարի…»: Այսինքն միայն 5 տարիներու ընթացքին բացը աճած է 8 անգամ…
Ներածումներու վրայ վարչական թէ քանակական կաշկանդումներ պարտադրելը, եւ կամ` մաքսային տուրքերու հաստատումը չնաշխարհիկ միջոցառում մը չէ, այլ ընդհակառակը, պաշտպանական ճիշդ քաղաքականութիւն մըն է պաշտպանելու համար ազգային արտադրանքը (արդիւնաբերական եւ հողագործական) օտար արտադրութիւններու անհաւասարազօր մրցակցութենէն: Եւ այս միջոցառումը Միացեալ Նահանգները ի՛նք կը գործադրէ մասնաւորաբար չինական եւ նոյնիսկ ճափոնական արտադրութեանց դէմ, բայց կ՛արգիլէ նոր զարգացող երկիրներուն օգտուիլ եւ կիրարկել այս միջոցառումը, որպէսզի ապահովէ դրամատիրական մեծ կեդրոններու զարգացումին պահանջները:
Յատուկ «Ազդակ»-ին
(*) Այս քրոնիկը հեղինակին կողմէ հայացումն է այն արաբերէն բնագրին, զոր յանձնած է արաբատառ «Նիտա» երկշաբաթաթերթի խմբագրութեան` արաբ հանրային կարծիքին վերյիշեցնելու համար Թուրքիոյ իսկութիւնը: Գ. Տ.