Հիւրասիրութիւն Պարտէզի Մը Մէջ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Դաշտի ճամբու մը վրան
Կամ ստորոտը լերան
Ուղեւորին ժամանման
Սպասող հիւղն ըլլայի:
Մ. ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Ճիշդ այս քերթուածին ոգիով ներշնչուած, «Ազդակ»-ի վաղեմի եւ սիրելի բարեկամներէն Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ամոլը մեզ կը սպասէր 7 սեպտեմբերի կէսօրուան ժամերուն, լերան ստորոտին ծաղկած իրենց պարտէզի դարպասին:
Պաապտեթ կը կոչուի այս գիւղը, որ Լիբանանի գեղատեսիլ բնութեան մէջ հմայիչ բնանկարի մը բնոյթը ունի:
Ժամադրուած ենք ամառնային մեր պտոյտը կատարելու այս ամոլին յարկին տակ: «Ազդակ»-ի ընտանիքը տարիներէ ի վեր կը հիւրասիրուի այս ընտանիքին ջերմ հրաւէրին ընդառաջ: Մեզի կը միանայ նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անձնակազմը, որով կազմուած է բազմանդամ ներկայութիւն` Թիւթիւնճեաններու հովասուն պարտէզին մէջ:
Պէյրութի հեղձուցիչ կլիմայէն հեռու այս սարահարթին զով մթնոլորտը ջիղերը հանդարտեցնող ուժ ունի:
Լիւսի Թիւթիւնճեան գեղանկարչուհին նուրբ զգացողութեան տէր, հիւրեր կ՛ընդունի ոչ միայն ժպտուն ու սիրալիր, այլեւ կը ներկայացնէ վարպետ խոհարարի իր ճարտարութիւնը` հայկական թէ այլ ժողովուրդներու ճաշացուցակին հետեւելով: Առատ են իր սեղանները: Մեր ոտքերուն տակ թարմ խոտեր կը ճզմուին, սեղաններու ետին անկիւնէ մը ջուրի ձայն կը լսուի, ՄԻՆԻ-ջրվէժ մը իր երաժշտական թափանցիկ հմայքը կը շնորհէ մեր ականջներուն: Այս ամէնը նուրբ ճաշակ կը ցոլացնէ: Ու մտածել, թէ այս պարտէզին, այս տան առաջին կամ վերջին հիւրերը չենք:
Ճաշատեսակները այլազան են, մեզի ընկերացած են նաեւ Երեւանի «Ազդակ»-ի աշխատակից Գաբրիէլ եւ Աստղիկ Փանոսեանները (նախկին լիբանանահայեր): Այս զոյգին ներկայութիւնը կ՛ոգեւորէ մեզ: Գաբրիէլ իր մասնագիտութիւնը կը կիրարկէ նկարելով սեղանակիցները:
Այս ներշնչող մթնոլորտին մէջ կը մտածես: Լիբանանահայ մեր կեանքը եթէ չունենար մշակութասէր նուիրեալ անձնաւորութիւններ, պիտի չունենայինք այսքան ծաղկուն մշակոյթ եւ գեղարուեստի երկրպագուներ: Թիւթիւնճեան ընտանիքը, կարելի է ըսել` գերդաստանը, այս բնագաւառին մէջ ունին գովելի ներդրում:
Այս իմաստով գաղութահայ մեր կեանքը ծաղկեցնող ազգային բարերարներու կարգին իւրայատուկ է նաեւ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն ինքնաբուխ ներկայութիւնը արուեստի թէ մամուլի ոլորտին մէջ իրագործուած նկատառելի ծառայութիւններով: Այս առիթով երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսքեր արտայայտեցին «Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով` Շահանդուխտ, Մովսէս Հերկելեան, իսկ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան դրուատեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին իրագործումները` գեղանկարչական ցուցահանդէսներու եւ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններուն ծանօթացման մարզերուն մէջ:
Յ. Հաւաթեան յայտնեց, թէ ներկայիս կ՛ընդարձակուի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցադրասրահը` յաւելեալ թափ տալու համար կերպարուեստի բնագաւառին ծաղկումին:
Այս կապակցութեամբ Մ. Հերկելեան հաստատեց այն իրողութիւնը, թէ Համազգայինը ունէր գրական, թատերական, պարարուեստի, երաժշտական եւ հրատարակչական մարզերու ծաղկուն գործունէութիւն: Կերպարուեստն էր, որ կը բացակայէր մշակութային մեր կեանքէն: Ներկայիս այս բացը գոցուեցաւ շնորհիւ Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն իշխանական նուիրատուութեամբ: Զուարթ տրամադրութեամբ շարունակուող ճաշկերոյթին ընթացքին կենացներ հնչեցին Թիւթիւնճեան ամոլին կեանքին արեւշատութեան: Գաբրիէլ Փանոսեան մեներգեց «Երազ իմ երկիր հայրենիք» երգը, ապա Թիւթիւնճեաններուն նուիրեց իրեն հետ Հայաստանէն բերած իր նկարած Արարատը, արուեստի նորաձեւ նկարահանումով:
«Ազդակ»-ի եւ Համազգայինի հրատարակչատան հրաւիրեալները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Թիւթիւնճեաններուն, որոնք ամէն տարի նման հիւրասիրութեամբ կը յարգեն մամուլի եւ գիրքի սպասարկուները, արուեստի գործիչները, հայկական ընտանեկան ինքնուրոյն եւ սրտաբուխ հիւրասիրութեամբ:
Հրաւիրեալները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնելով` հրաժեշտ տուին հիւրընկալներուն, իրենց հետ տարած հայկական ջերմիկ օճախէն ստացած հարազատի զգացումները: