Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Քանատա
ՀՄԸՄ–ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր
Կ. Գապասաքալեանին Այցելութիւնը
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնած Միջցամաքամասային խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքին առիթով, 24-29 օգոստոս 2013-ին, Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Կարպիս Գապասագալեան (Լիբանանէն) այցելեց նաեւ Մոնրէալ: Ի պատիւ անոր` Քանատայի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Մոնրէալի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, 20 օգոստոսին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան եւ Սկաուտական խորհուրդին ներկայացուցիչները, Մոնրէալի եւ Լաւալի մասնաճիւղերուն վարչութիւնները եւ Սկաուտական խորհուրդին անդամները, տեղւոյն պատկան մարմինները, մասնաճիւղերու խմբապետական կազմերը, անոնց կը միանային նաեւ Հարաւային Ամերիկայի խմբապետները, որոնք մասնակցած էին այս դասընթացքին, ինչպէս նաեւ` նախկին խմբապետներ, որոնք անցեալին գործած էին Կ. Գապասագալեանին հետ:
Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ: Քանատայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիրան Շահինեան շրջանին անունով բարի գալուստ մաղթեց Կեդրոնական վարչութեան անդամին` անդրադառնալով կազմակերպուած խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքին, բարձրօրէն գնահատեց կատարուած աշխատանքը, որուն արդիւնքը անպայմանօրէն մօտիկ ապագային պիտի քաղեն մասնակցող շրջանները:
Ապա խօսքը տրուեցաւ Կարպիս Գապասագալեանին, որ արժեւորեց այն սերունդները, որոնք օտար ափերու վրայ փոխանցած են ազգային, կրօնական եւ մշակութային անեղծ արժէքները իրերայաջորդ սերունդներուն, որուն ապացոյցը նորահաս այն սերունդն է, որ իր հայեցի դաստիարակութեամբ մասնակցած էր այս դասընթացքին` առաւել եւս նոր գիտելիքներով զինուելու եւ նետուելու գործի դաշտ եւ իր կարգին փոխանցելու յաջորդող սերունդներուն` միութեան նշանաբանին «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»-ին թելադրութեամբ:
Կ. Գապասագալեան վարչական կազմերուն վստահեցուց, որ խմբապետները պատրաստ են ու խոստացած` իրենց պարտականութիւնները լաւագոյն ձեւով վարելու. ապա խօսքը խմբապետներուն ուղղելով` յիշեցուց նուիրումի գիտակցութեամբ գործելու հրամայականը:
Իր խօսքի աւարտին ան բարձրօրէն գնահատեց Քանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու Սկաուտական խորհուրդը, որոնք ջատագովողներն էին այս դասընթացքի իրագործման, ինչպէս նաեւ իր շնորհակալութեան խօսքը փոխանցեց բոլոր մասնաճիւղերուն, ի մասնաւորի` Թորոնթոյի եւ Քեմպրիճի մասնաճիւղերուն, որոնք որպէս հիւրընկալ մասնաճիւղեր` ոչինչ խնայեր էին դասընթացքի մասնակցողներուն համար, եւ` Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբի անդամներուն, որոնք իրենց առաւելագոյն ներդրումով ապահովեր էին դասընթացքին յաջողութիւնը:
Կեդրոնական վարչութեան անունով ան յուշանուէր մը յանձնեց Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիրան Շահինեանին:
Ընդունելութեան պաշտօնական բաժինէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ զրոյցներով վերանորոգուեցան հին, բայց անթառամ յիշատակները, որոնք կ՛ապրին իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի հոգիին մէջ:
Կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2013-ին, Կ. Գապասագալեան, ընկերակցութեամբ Տ. Շահինեանին, ներկայ գտնուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որմէ ետք անոնք հանդիպում ունեցան Քանատայի թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանին հետ: Հանդիպման ընթացքին սրբազան հայրը դրուատիքով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան: Կ. Գապասագալեան ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութեանց մասին, ապա հակիրճ ձեւով ներկայացուց շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքին աշխատանքները եւ անոր դրական արձագանգը:
Հանդիպման աւարտին Կեդրոնական վարչութեան անունով սրբազան հօր յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը` առ ի երախտագիտութիւն ՀՄԸՄ-ին հանդէպ անոր ցուցաբերած հայրական հոգատարութեան:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց ՀՄԸՄ–ի
«Արարատ» Մասնաճիւղի Վարչութեան Այցելութիւնը
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան 27 օգոստոսին Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան` գլխաւորութեամբ ատենապետ Թոմիկ Աբրահամեանի: Ներկայ էր նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վիգէն Դաւիթեան:
«Արարատ»-ի ներկայացուցիչները եկած էին առաջնորդ սրբազանը պաշտօնապէս հրաւիրելու մասնաճիւղի 35-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 19 հոկտեմբերին: Անոնք ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցան տօնախմբութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն մասին, ի շարս որոնց` յատուկ պատիւի պիտի արժանանայ «Արարատ»-ի եւ առհասարակ հայկական միութեանց նուիրեալ սպասարկու Ճասիկ Ճարահեանը, որ պիտի հռչակուի միութեան «Պատուոյ անդամ»:
Հանդիպումը առիթ եղաւ սեղմ գնահատական մը կատարելու «Արարատ» մասնաճիւղի աւելի քան երեք տասնամեակներու գործունէութեան, որ ծաւալած է տարուէ տարի` մասնաճիւղը օժտելով երկու կեդրոններով:
Առաջնորդ սրբազանը ողջունեց այս այցելութիւնը եւ բարձր գնահատեց «Արարատ» մասնաճիւղին բեղուն գործունէութիւնը, որ հպարտութիւն կ՛առթէ ո՛չ միայն ՀՄԸՄ-ին, այլեւ` ամերիկահայութեան ու ամբողջ ժողովուրդին: Ան օրհնեց «Արարատ»-ի վարչականներուն եւ կամաւորներուն նուիրումը` մաղթելով, որ 35-ամեակի հանգրուանը ըլլայ նոր մեկնակէտ մը` դէպի նոր նուաճումներ:
Հրաժեշտի պահուն առաջնորդ սրբազանը նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց վարչականներուն:
Մանաս Եւ Տանըլի Պուճիքեաններ
15 Հազար Ամերիկեան Տոլար Կը Նուիրեն
«Ասպարէզ»-ին
Ազգային բազմաթիւ ծրագիրներու համար կարեւոր ներդրում ունեցած Մանաս եւ Տանըլի Պուճիքեան ամոլը «Ասպարէզ»-ի 105-րդ տարեդարձին առիթով 15 հազար ամերիկեան տոլար նուիրեց թերթին:
Պուճիքեաններու այս ինքնաբուխ նուէրով «Ասպարէզ» մեկնարկը կը յայտարարէ իր 105-րդ տարեդարձին առթիւ 105 հազար տոլար հանգանակելու արշաւին: Այս հանգանակութեան շնորհիւ հաւաքուած գումարներով «Ասպարէզ» պիտի ձեռնարկէ իր արխիւի թուայնացման աշխատանքին, միեւնոյն ատեն խմբագրութեան մշակած կարգ մը նոր ծրագիրներուն համար միջոցներ պիտի ապահովէ:
Ներկայացում` Ժագ Ս. Յակոբեանի
«Յաւերժօրէն Քոյդ…» Հատորին
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 2 օգոստոսին Կլենտէյլի Հանրային կեդրոնական գրադարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորին ներկայացումը: Սոյն առիթը կը զուգադիպէր նաեւ բանաստեղծին ծննդեան 96-րդ տարեդարձին:
Բացման խօսքը արտասանեց հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ Հրաչ Սեփեթճեան, որ կարդաց լիբանանահայ գրող Արամ Սեփեթճեանին յղած ողջոյնի գիրը` մասնաւորաբար ուղղուած Ժագ Ս. Յակոբեանին` անոր ծննդեան եւ հրատարակութեան զոյգ առիթներով:
Յայտագիրին առաջին խօսք առնողը եղաւ ծանօթ հրապարակագիր, փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, որ ներկայացուց բանաստեղծին անցնող 75 տարիներու հոգեւոր, գրական ու ստեղծագործական վաստակը: Ան անդրադարձաւ Յակոբեանի քառասունէ աւելի գործերու հիմնական խմբաւորումներուն` շեշտը դնելով բանաստեղծական բառակերտումի շնորհալի յատկանիշին եւ գործերուն քնարականութեան վրայ: Քէշիշեան շեշտեց կարեւորութիւնը Յակոբեանի աշխատակցութեան` սփիւռքահայ գրական թերթերուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Վարչութեան անդամ, գրականագէտ Լիլիթ Քեհէեան ներկայացուց նոր հրատարակուած «Յաւերժօրէն քոյդ…» հատորը:
Բարսեղ Գարթալեան կարդաց 100-ամեայ կրթական նախկին մշակ եւ հասարակական գործիչ Երուանդ Պապայեանի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի գիրը` ուղղուած օրուան մեծարեալին:
Եզրափակիչ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ժագ Ս. Յակոբեան, որ իր հին ու նոր բոլոր գիրքերէն օրինակներ նուիրեց ձեռնարկին ներկայ գտնուող գրասէրներուն:
Շնորհահանդէս` Զենոպ Ա. Քհնյ. Նալպանտեանի
Երկու Հատորներուն
Հովանաւորութեամբ ու նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 8 օգոստոսին, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Զենոպ Ա. քհնյ. Նալպանտեանի «Այգեստան հայ դպրութեան» եւ «Հայաժառանգ գանձեր» հատորներուն ներկայացումը: Երեկոյի հանդիսավարն էր Բարսեղ Գարթալեան:
Ելոյթ ունեցան տոքթ. Մինաս Գոճայեան եւ Նազիկ Գոճայեան: Մամբրէ Ա. քհնյ. Քեսապեան կարդաց Տենվըրի Հայց. եկեղեցիին հոգեւոր հովիւ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանին խօսքը:
Առաջնորդը իր փակման խօսքին մէջ գնահատեց Թէքէեան մշակութային միութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքերը ներկայացնողներուն, ապա շնորհաւորեց հեղինակ տէր հայրը` գրական մարզին մէջ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով:
Տէր հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդին եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ` յայտագրին բոլոր մաս կազմողներուն ու գրասէր հասարակութեան:
Հատորները կը բաղկանան 76 յօդուածներէ եւ նիւթերէ` հայ ժողովուրդի կեանքին նուիրուած: Գիրքը կը պատասխանէ հայրենասիրութեան, հայ ինքնութեան պահպանման եւ ազգի կառուցման մասին հարցումներու:
Հայ Դատի Հանդիպումը
Քոնկրեսական Ռուիզի Հետ
Օգոստոս 21-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն, ինչպէս նաեւ Փալմ Սփրինկզի-Ինլընտ Էմփայըրի Հայ դատի յանձնախումբէն ներկայացուցիչներ հանդիպում մը ունեցան ծերակուտական տոքթ. Փոլ Ռուիզի հետ, որ նախորդ ընտրութեանց առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած էր Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի անդամ:
Հանդիպման նպատակն էր անոր տեղեկութիւններ փոխանցել Հայ դատի յանձնախումբի պատմութեան ու առաքելութեան մասին, ինչպէս նաեւ` քննել ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր եւ քոնկրեսականի օրակարգին վրայ գտնուող աշխատանքները:
Ռուիզ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամներուն` իրեն ընծայուած առիթին համար, որուն շնորհիւ` ինք աւելի մօտէն ծանօթացաւ հայ գաղութի անցեալի դժուարութեանց եւ անոր դիմագրաւած ներկայ հարցերուն:
Հանդիպման ընթացքին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան Հայ դատի մասին տեղեկութիւններ փոխանցելու կողքին, խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի պատմութեան ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ ամերիկահայութեան գործունէութեան մասին:
Իր կարգին, Փալմ Սփրինկզի-Ինլընտ Էմփայըրի Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Կարպիս Հինտոյեան խօսեցաւ քոնկրեսականի ընտրատարածքէն ետք Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ տարուող աշխատանքներուն մասին` խոստանալով քոնկրեսականին հետ սերտ գործունէութիւն մշակել, դրուատելով ամերիկահայութեան նկատմամբ Ռուիզի ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան ներկայացուց քուէարկողներ արձանագրելու նպատակով Հայ դատի «Հայ վոթզ» ծրագիրին մանրամասնութիւնները` շեշտելով անոր կարեւորութիւնն ու վերջին երկու ընտրութեանց ընթացքին անոր ապահոված իրագործումները: Ան խօսեցաւ նաեւ Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ մշակուող շարք մը վարժողական ծրագիրներու իրագործումներուն մասին:
Թեհրան
«Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին
Քաղաքականութիւնը» Նիւթով Դասախօսութիւն
Նախաձեռնութեամբ «ՀՈՒՍԿ»-ի, 26 օգոստոսին հաստատութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ` «Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը» նիւթով: Օրուան բանախօսն էր «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ, լրագրող, քաղաքական մեկնաբան եւ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս Թաթուլ Յակոբեան:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արամ Շահնազարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօսը:
Յակոբեան իր ելոյթի ընթացքին ներկայացուց Հայաստանի ներքին հարցերը` անդրադառնալով արտագաղթին եւ այդ երեւոյթին յանգեցնող գործօններուն, Հայաստանի արտաքին յարաբերութիւններուն, հայ-թրքական հարցերուն, ղարաբաղեան հիմնահարցին, Հայաստան-Իրան բարիդրացիական յարաբերութիւններուն, նաեւ` Հայաստան-Վրաստան, Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն կապերուն:
Կիպրոս
«Նանօր» Հայկական Մանկական Կեդրոնը
Նախաձեռնութեամբ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 2 սեպտեմբերին, առաջին անգամն ըլլալով օրինաւոր կերպով Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի կառոյցին մէջ սկսաւ գործել «Նանօր» հայկական մանկական կեդրոնը, որ ոչ հասութաբեր հաստատութիւն մըն է:
Շուրջ տարի մը տեւած շինարարական, ներքին կահաւորման եւ վարչական աշխատանքները աւարտած ըլլալով` այս անհրաժեշտ հաստատութեան ստեղծումը վերջապէս իրականութիւն դարձաւ կիպրահայ գաղութի կեանքին մէջ:
Դրութիւն մը, որ ձեռնտու է թէ՛ ծնողներուն եւ թէ՛ փոքրիկներուն, եւ որ անկասկած պիտի նպաստէ նաեւ գաղութի հայապահպանման աշխատանքներուն:
Վրաստան
Վիրահայոց Թեմի Քահանայական
Եւ Պաշտօնէութեան Ժողովը
Օգոստոս 30-31 Վրաստանի Ծերովանի քաղաքամերձ աւանին մէջ տեղի ունեցաւ վիրահայոց թեմի քահանայական եւ պաշտօնէութեան միացեալ ժողովը:
Ժողովի օրակարգային հարցերու` խորհրդակատարութիւններու, ժամակարգութիւններու եւ ծէսի միօրինակութեան, հովուական գործունէութեան եւ հոգեւորականի կեցուածքի մասին ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան: Ան խօսեցաւ թեմին մէջ գործող 47 եկեղեցիներուն, 13 քահանաներուն եւ կուսակրօն աբեղաներուն ծաւալած աշխատանքներուն մասին` տալով իր գնահատանքը եւ համապատասխան ցուցմունքները:
Առաջնորդը ներկայացուց թեմի կառավարման նոր համակարգը եւ ձեաւորուած 7 բաժինները` իրենց տնօրէններով:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան պաշտօնէութեան ներկայացուցիչները, որոնք անդրադարձան յառաջիկայ ծրագիրներուն` առաջարկելով իրենց օժանդակութիւնը եւ միացեալ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` միօրեայ հանրային դպրոցներու հետ համագործակցութեան ընդլայնումը:
Վիրահայոց թեմի հովանիին տակ գործող ստեղծագործական միութիւններու ղեկավարները` Վրաստանի հայ գրողներու «Վերնատուն» միութեան նախագահ Ժորա Սնխչեան, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահի պաշտօնակատար Ենոք Թադեւոսեան, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութեան նախագահ Մերուժան Շահումեան, Վրաստանի հայ կիներու «Շուշանիկ» միութեան նախագահ Սուսաննա Խաչատրեան, Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութեան նախագահ Արտեմ Կիրակոզով ժողովականներուն ներկայացուցին իրենց գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ նպատակները, արժեւորեցին եկեղեցւոյ օժանդակութիւնը` ստեղծագործական միութիւններու աշխատանքին, շեշտեցին կարեւորութիւնը վրաց համանուն կազմակերպութիւններու հետ միացեալ ձեռնարկներու իրականացման:
Հաստատուեցան հետագայ գործունէութեան ուղղութիւնները եւ ծրագիրները:
Քուէյթ
Դեսպան Չարչօղլեանի Հանդիպումները
Սեպտեմբեր 2-ին Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի բարձրագոյն կրթութեան եւ դաստիարակութեան հարցերու նախարար տոքթ. Նայեֆ Ֆալլահ Հաճրաֆի հետ: Դեսպանը շնորհաւորեց զայն նախարարի պաշտօնին վերանշանակուելուն համար: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան կրթութեան եւ գիտութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ արձանագրուած առաջընթացին եւ քննարկեցին փոխգործակցութեան հետագայ հեռանկարները:
Նոյն օրը դեսպան Չարչօղլեան հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի արդարադատութեան, վագֆներու եւ իսլամական հարցերու նախարար Շարիտա Ապտալլա Մաուշարճի հետ: Քննարկուեցան արդարադատութեան ծիրին մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ծաւալման եւ ընդլայնման հեռանկարները:
Սեպտեմբեր 3-ին դեսպանը հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Ազգային ժողովի նորընտիր նախագահ Մարզուկ Ալի Ղանեմի հետ: Դեսպանը շնորհաւորեց զայն Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն համար եւ փոխանցեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին շնորհաւորական ուղերձը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները: Անոնք անդրադարձան նաեւ Քուէյթի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Ալի Ռաշետի` Հայաստան այցելութեան արդիւնքներուն: Երկու կողմերը ընդգծեցին միջխորհրդարանական բարեկամութիւն խումբերու միջեւ շփումներու աշխուժացման եւ շարունակականութեան ապահովման, պատուիրակութիւններու փոխայցելութիւններու աշխուժացման եւ այլն: Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային եւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցեր: