ԹԵՆԻՍ. ԱՐԵՒԻԿ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ՕՍԼՈՅԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ

Արեւիկ Թումանեան

Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղար Արեւիկ Ուտումեան ըսաւ, որ երէկ Նորվեկիոյ մայրաքաղաք Օսլոյէն յաղթական վերադարձաւ պատանի թենիսվումըն Արեւիկ Թումանեան` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք 14 տարեկանէն վար թենիսի պատանիներու միջազգային մրցաշարքի մը:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են Դանիայէն, Նորվեկիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ֆինլանտայէն, Լաթվիայէն, Հոլանտայէն, Ռուսիայէն եւ բնականաբար Հայաստանէն պատանի մարզիկներ:

Արեւիկ Թումանեան, աւարտականին 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նորվեկիոյ ներկայացուցիչ Իտա Սքանքէի, հանդիսացած է ախոյեան:

Share this Article
CATEGORIES