ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ
Յառաջիկայ 14 յունիսին, Անգարայի մէջ (Թուրքիա) կը սկսի Եւրոպայի կռփամարտի աշխարհի ախոյեանութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականը այժմ Արարատի մէջ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Իրանի հետ: Այդ հաւաքը պիտի աւարտի 12 յունիսին:
Այս ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Մեհրապեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները.
Յովհաննէս Դանիէլեան (48 քկ), Նարեկ Աբգարեան (52 քկ), Յովհաննէս Պաչքով (56 քկ), Վլատիմիր Սարուխանեան (60 քկ), Հրաչիկ Ջաւախեան (64 քկ), Սամուէլ Մաթէոսեան (69 քկ) եւ Արթուր Խաչատրեան (75 քկ):
Մեհրապեան ըսաւ, որ կարգ մը կռփամարտիկներ նկատի առնուած չեն, որովհետեւ անոնք կը պատրաստուին աշխարհի ախոյեանութեան: Անոնց կարգին է Արթուր Յակոբեան (75 քկ):
Անոր կազմէն դուրս է նաեւ 2008-ին Եւրոպայի ախոյեանութեան արծաթէ մետալի տիրացած Ցոլակ Անանիկեան (91 քկ)` նկատի ունենալով, որ ան հեռացած է Հայաստանէն եւ այսուհետեւ մաս պիտի չկազմէ հաւաքականին:
Յամենայն դէպս, ըստ Մեհրապեանի, հաւաքականին մաս կազմող մարզիկները փորձառու են եւ անցեալին փորձառութիւն ձեռք ձգած են այլ մրցաշարքերու ընթացքին: