ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԱՏԵԼ ՀԱՔԻՄԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՎԵՑ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի վեթերաններու միջազգային մրցաշարքը կ՛աւարտի այսօր` ուրբաթ, 10 յունիսին, երբ տեղի կ՛ունենան աւարտական հանգրուանի վեց մրցումները:
Նշենք, որ այս մրցաշարքը կը հովանաւորէ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը եւ անիկա տեղի կ՛ունենայ առաջին անգամ ըլլալով:
Այսօր` մրցաշարքին երրորդ եւ վերջին օրը, տեղի կ՛ունենան անհատական չորս, ինչպէս նաեւ զոյգի երկու աւարտական մրցումները:
Բացի վերոնշեալ աւարտական մրցումներէն, տեղի պիտի ունենայ ցուցադրական մրցում մը լիբանանցի Ռոք Հաքիմի եւ Ափրիկէի ու Եգիպտոսի ախոյեան Ահմետ Ալի Սալեհի միջեւ:
Նշենք, որ այսօրուան մրցումները պիտի սկսին յետմիջօրէի ժամը 15:00-էն սկսեալ:
Այս առիթով Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը կոչ ուղղեց մարզասէր հասարակութեան առհասարակ եւ ի մասնաւորի փինկ փոնկի համակիրներուն` գալու եւ քաջալերելու վեթերան մարզիկները:
Նշենք, որ մրցաշարքը կազմակերպողները այսօր ընթրիքի երեկոյով մը պիտի պատուեն մրցաշարքին մասնակցողները: