ՔՈՆԿ ՖՈՒ- ՈՒՈՒ ՇՈՒ. ԼԻԲԱՆԱՆ 29 ՄԵՏԱԼՈՎ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՊՈՒԼԿԱՐԻԱՅԷՆ
Երէկ, Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի Քոնկ ֆու – ուու շուի պատուիրակութիւնը` Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ մասնակցելէ ետք 22 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը:
Այս մրցաշարքին Լիբանան գրաւեց դասաւորման 2-րդ դիրքը` տիրանալով 29 մետալի (13 ոսկի, 10 արծաթ եւ 6 պրոնզ):
Լիբանանի համար մետալներ ապահովեցին Էլիաս Ռայյես, Ժորժ Ապտ, Ռալֆ Թաննուրի, Լուէյ Սապպաղ, Ռինալտօ Ասմար, Քրիսթոֆըր Ռահմէ, Ժորժ Սաատէ, Ճեֆրի Ռահմէ, Անթուան Նոհրա եւ Ժորժ Պարհուշ:
Հակառակ անոր որ բազմաթիւ հայեր տեղական մրցաշարքերու ընթացքին շատ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրեն, սակայն զարմանալիօրէն որեւէ հայ մարզիկ մաս չէր կազմեր Լիբանանի հաւաքականին:
CATEGORIES Մարզական

