Անդրադարձ. Բեկումնային Կարողականութիւն Ունեցող Պատմական Պահու Մը Մէջ Կատարուած Առաջարկ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Լոնտոնի մէջ իր բրիտանացի պաշտօնակիցին հետ տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Ասատ կրնայ (ամերիկեան) յարձակումէն փրկուիլ, եթէ քիմիական զէնքերը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին միջազգային ընտանիքին յանձնէ»: Անոր ռուս պաշտօնակիցը այդ խօսքերէն «ներշնչուած» անմիջապէս յայտարարեց, որ Սուրիոյ յանձնած է սուրիական քիմիական զէնքերը վնասազերծելու եւ զանգուածային քանդումի զէնքերու տարածման արգիլման միջազգային համաձայնագիրին միանալու առաջարկ մը` նշելով, որ «սուրիական կառավարութենէն արագ եւ դրական պատասխանի մը կը սպասենք»: Ռուսական տողատակի այդ սպառնալիքէն ետք, Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը, որ Լաւրովի հրաւէրով Մոսկուա կը գտնուէր, յայտարարեց, որ կ՛ընդունի առաջարկը, եւ իրենք «մեր ժողովուրդը ամերիկեան յարձակումէն փրկելու ռուսական իմաստութեան վրայ վստահութիւն» ունին: Այլ խօսքով` Քերրի ռուսական կողմին ստիպեց համաձայնութիւնը շուտով հրապարակելու, այլապէս ռուսական կողմը պիտի զրկուէր այսպիսի լուրջ հարցի մը միջնորդի դափնեպսակէն:
Ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներ նշեցին, որ Քերրիի կատարածը լուրջ առաջարկ մը չէր, այլ ճոռոմաբանութիւն մը` փորձելով ծածկել այն իրողութիւնը, որ անոր կատարածը հարցերը արագացնելու համար դիւանագիտական ճնշում մըն էր, իսկ առաջարկը ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան մը արդիւնք է: Լաւրով երեքշաբթի օր խոստովանեցաւ, որ այդ առաջարկը «ամբողջովին ռուսական չէ, այլ արդիւնք է Միացեալ Նահանգներու հետ խորհրդակցութեանց: Ամերիկեան «Տը Տէյլի Քոլըր» օրաթերթը արդէն անցեալ շաբաթ հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «Քոնկրեսի որոշ անդամներ առաջարկած են սուրիական վարչակարգին 45 օր ժամանակ տալ` քիմիական զէնքի արգիլման մասին համաձայնագիրը ստորագրելու եւ մնացած քիմիական նիւթերու պաշարը ոչնչացնելու համար»:
Լոնտոնի մէջ Քերրիի` նպատակ ու ժամկէտ ճշդող յայտարարութիւնը ճոռոմաբանութիւն մը չէր, այլ զինուորական հարուածին այլընտրանքը:
Օպամա ի զուր չնշեց, որ քիմիական զէնքերու հարցի լուծման համար առաջնահերթութիւնը դիւանագիտական լուծումին կու տայ, որովհետեւ ամերիկեան զինուորական ճնշումին տակ ձեռք բերուած այդ համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու վարկն ու հաւաստիութիւնը կը պահպանէ, սակայն զինուորական սահմանափակ գործողութեան մը հսկայական ծախսերն ու անբաղձալի պատերազմի մը մէջ ներքաշուելու վտանգը չի պարունակէր: Այլ խօսքով` իտէալական լուծում մը:
Այս փոխզիջումային համաձայնութենէն Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի կողքին շահաւոր դուրս եկաւ նաեւ սուրիական վարչակարգը, որ իր իսկ վկայութեամբ փրկուեցաւ ամերիկեան հարուածէն: Սուրիական ափերուն մօտ ամերիկեան մարտանաւերու ներկայութեան շարունակման լոյսին տակ, այդ վտանգը շուտով կը վերականգնի, եթէ համաձայնութեան գործադրութեան մէջ որեւէ տարակարծութիւն յառաջանայ: Վնասուող կողմերու պարագլուխը Թուրքիոյ իշխանութիւններն են, որոնք արդէն դժգոհ էին, որ ամերիկացիները սահմանափակ հարուածի մը մասին կը խօսին, եւ կը պահանջէին, որ այդ հարուածին նպատակը վարչակարգը տապալելը ըլլայ եւ ոչ թէ զայն պատժելը: Անոնք չհասկցան, որ այդ երկուքը ամերիկեան կողմին համար անջատ հարցեր են: Քիմիական զէնքի օգտագործման հարցը շատ աւելի կարեւոր հարց մըն է, քան Սուրիոյ տագնապին լուծումը, որովհետեւ անոր ազդեցութիւնը համաշխարհային տարողութիւն ունի եւ Միացեալ Նահանգներու վարկին ու հաւաստիութեան առնչուած է: Ի զուր չէ, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ Ծերակոյտի զինեալ ուժերու հարցերով յանձնախումբին կը յայտնէ, որ քիմիական զէնքի օգտագործումը «ամերիկեան ազգային շահերուն ուղղակի սպառնալիք է», իսկ Քերրի կը նշէր, թէ «քիմիական զէնքի օգտագործման չպատասխանելը մեր կարողութեան շուրջ հարցականներ կը ստեղծէ»:
Այլ խօսքով` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման հարցը Միացեալ Նահանգներու համար քննութիւն մըն է, եւ ամբողջ աշխարհը ուշի ուշով կը հետեւի այդ հարցին: Եթէ Ուաշինկթըն այս քննութեան մէջ ձախողի, այդ մէկը Իրանի եւ Հիւսիսային Քորէայի նման երկիրներ աւելի յանդուգն պիտի դարձնէ, Իրաք պիտի համոզուի, որ ամերիկեան ապահովական երաշխիքներուն կարելի չէ վստահիլ եւ անոր այլընտրանքներ պէտք է փնտռել, իսկ Իսրայէլ աւելի ջղագրգիռ ու յարձակողապաշտ պիտի դառնայ:
Այս խիստ կարեւոր քննութեան մէջ Ուաշինկթընի ձախողութիւնը պիտի տապալէ համաշխարհային միաբեւեռ համակարգը եւ զայն փոխարինէ բազմաբեւեռ համակարգով մը: Հարցը շատ աւելի լուրջ ու երկարատեւ հետեւանքներ ունի, քան ժամանակաւոր նախագահի մը ժողովրդականութիւնը, վարկն ու հաւաստիութիւնը. զարմանալի չէ, որ քաղաքական իրապաշտութեան դպրոցի մեծ դէմքերէն Հենրի Քիսինճըր կը յայտարարէ, որ այս հարցով Օպամայի կեցուածքին կ՛աջակցի:
Սպիտակ տան ղեկավարը կանգնած է բեկումնային ըլլալու կարողականութիւնը ունեցող պատմական պահու մը առջեւ, որուն ահաւոր կարեւորութեան դիմաց ամէն բան աննշան մանրուքի կը վերածուի:

