Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանը

Չորեքշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալիի: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպման ընթացքին Սուրիոյ դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց Սուրիոյ ներքին ներկայ կացութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ գծով վերջին զարգացումները` միջազգային մակարդակի վրայ: Ան շեշտեց, որ քիմիական զէնքերը երբեք չեն գործածուած իշխանութեան կողմէ. հետեւաբար, ստեղծուած վերջին կացութիւնը կազմակերպուած դաւ մըն է իշխանութեան դէմ` հրահրելու համար արեւմտեան կարգ մը երկիրները: Ան ողջունեց վերջին օրերուն զարգացող դիւանագիտական մօտեցումները:

Վեհափառ հայրապետը իր կարգին կարեւորութեամբ ընդգծեց սուրիական հարցին քաղաքական լուծում տալու հրամայականը` յայտնելով, որ ամէն գնով անհրաժեշտ է շրջանը հեռու պահել զինուորական միջամտութիւններէ, որոնք կրնան աննախատեսելի հետեւանքներ ունենալ Միջին Արեւելքի մէջ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ շեշտեց, որ սուրիահայութիւնը միշտ երախտապարտ կը մնայ սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին նկատմամբ` երբեք չմոռնալով Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին նկատմամբ սուրիացի ժողովուրդին ցուցաբերած եղբայրական ոգին: Վեհափառ հայրապետը նաեւ վստահեցուց, որ սուրիահայութիւնը միշտ կառչած կը մնայ Սուրիոյ մէջ իր քաղաքացիական ու համայնքային պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն:

Share this Article
CATEGORIES