«Սուրիոյ Մէջ Այլընտրանքը Պէտք Է Քիւրտերուն Իրաւունքները Նկատի Ունենայ» Կ՛ըսէ Պարզանի

Մեսուտ Պարզանի

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի յայտնեց, որ ինքնավար մարզը հետաքրքրողը այն է, որ Սուրիոյ մէջ գոյանայ ժողովրդավարական այլընտրանք մը, որ նկատի կ՛ունենայ քիւրտերուն իրաւունքներն ու երկրին մէջ անոնց ապագան:

Ան աւելցուց, որ «ինչպէս նաեւ մեզ կը հետաքրքրեն ծայրայեղութեան եւ ահաբեկչութեան ներկայացուցած սպառնալիքներն ու ամբողջ շրջանին վրայ անոնց ազդեցութիւնը»:

Ըստ ինքնավար մարզի նախագահութեան հրապարակած հաղորդագրութեան, «ահաբեկչութիւնը, ծայրայեղութիւնը եւ մարդիկ սպաննելը կը հակասէ իսլամական կրօնին, Քորանին եւ երկնային սրբազան միւս գիրքերուն մարդասիրական խաղաղ պատգամին», նշած է Պարզանի` աւելցնելով, որ «ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելը միջազգային ընտանիքին կողմէ ջանքերու համատեղում կը պահանջէ»` նշելով, որ «Քիւրտիստանի ժողովուրդը քիմիական զէնքի մեծագոյն զոհերէն մէկն է, ուստի աշխարհի որեւէ կողմը անոր որեւէ ձեւի օգտագործման կ՛ընդդիմանայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )