Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, հանդիպելէ ետք մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, խստիւ դատապարտեց Մաալուլան թիրախ դարձնելու արարքը: Խազեն շեշտեց, որ Մաալուլայի իրադարձութիւնը կը նկատուի դժոխային ծրագիր մը, որ կը հարուածէ Արեւելքի քրիստոնեաները:

ԺԱՊԱԼ Մըհսենի դպրոցներէն մէկուն մօտ պայթած է քոքթէյլ մոլոթով տիպի ռումբ մը` առանց մարդկային կամ նիւթական վնասներ պատճառելու:

ԸՍՏ անպաշտօն աղբիւրներու, Պալլունէէն հրթիռարձակում կատարող կողմերը կը պատկանին Թալքալախի փաղանգին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլա չի փափաքիր կառավարութիւն մը կազմել: Անդրադառնալով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութեան` Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ անիկա քաղաքական խուսանաւում մըն է, որուն նպատակն է վարչակարգը փոխել:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ նախանցեալ առաւօտեան կանուխ ժամերուն անծանօթ մը հրկիզած է Սամիր Մասրի անունով քաղաքացիի մը պատկանող «Լենտ Քրուզըր» տիպի ինքնաշարժ մը: Դէպքին դրդապատճառները ցարդ կը մնան անորոշ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ կոչ ուղղեց Մաալուլան հեռու պահելու Սուրիոյ տագնապէն. ան աւելցուց, որ Հըզպալլա եւ Ժապհաթ Նուսրա նոյն մետալին երկու երեսները կը նկատուին:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անկարելի է ետդարձ  մը կատարել եւ Սուրիոյ վարչակարգին հետ դարձեալ գործակցիլ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը չի կապեր շրջանային զարգացումներուն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ իրենք զարմացած են, որ ոմանք կարգ մը արտակարգ համաձայնութիւնները կը նկատեն օրինազանցութիւններ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ռիատ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Սուրիոյ մէջ պատահածը կը փաստէ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին դէմ պայքարող դիմադրութեան առանցքին զօրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին համար որդեգրուած  քաղաքական որեւէ լուծում բոլորին համար յաղթանակ կը նկատուի եւ բոլոր աղէտներուն վերջ մը կու տայ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 200 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 400 լ. ոսկիով:

ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ գործուելիք ամերիկեան զինուորական հարուածը անդարձ կորսուած է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ վարչակարգը լաւապէս կրնայ պաշտպանել Սուրիոյ քրիստոնեաները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա մնայուն կերպով կը խոչընդոտէ երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ արտաքին աշխարհին վրայ կը վստահի եւ օտարները կ՛ամբաստանէ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ Հըզպալլան եւ սուրիական վարչակարգը կ՛ամբաստանէ Լիբանանի մէջ պայթումները գործելու յանցանքով:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կարգ մը եպիսկոպոսներ կը մտածեն կոչ ուղղել մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին ուղղուելու Ֆրանչիսկոս պապին մօտ եւ անկէ պահանջելու միջամտել Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ վարչակարգին եւ ընդդիմութեան մօտ` պահանջելով վերջ մը դնելու քրիստոնեաներուն դէմ գործուող սպանդներուն:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ այս հանգրուանին կարելի չէ կառավարութիւն մը կազմել:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շուրջ համախոհութիւն չկայ` աւելցնելով, որ իրեն համար մտահոգիչ է առանց կառավարութեան մնալ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը հարցերը բարդացուցած է եւ հանրապետութեան նախագահը մղած է կառավարութեան կազմութեան ջանքերը դանդաղեցնելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի վրայ միջազգային ճնշում կը բանեցուի` կառավարութիւն մը կազմելու առումով:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )