Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Մուսթաքպալ Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա կոչ ուղղեց կազմելու կարող կառավարութիւն մը, որ կարենայ քննարկել լիբանանցիներուն դիմագրաւած հարցերը եւ սկսի ազգային երկխօսութեան:

Անդրադառնալով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի առաջարկած կառավարական կազմի մը պատկերացումին` Սինիորա յայտնեց, որ Հըզպալլա իր կեցուածքներով խոչընդոտած է այդ մէկը` աւելցնելով, որ ներկայիս գնդակը դարձեալ հանրապետութեան նախագահին դաշտին մէջ կը գտնուի:

Սինիորա շեշտեց, որ ոմանք տեղեակ չեն, թէ ինչքա՛ն վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին`  շրջանը հարուածող պայմաններուն պատճառով. ան աւելցուց, որ այլեւս կարելի չէ լուռ մնալ քաղաքացիներուն սպառնացող հարցերուն դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )