Մանսուր. «Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը Չ՛ենթադրեր Օտար Քաղաքացիներուն Մեկնումը»

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը չ՛ենթադրեր օտար քաղաքացիներուն մեկնումը:

Ան շեշտեց, որ կարգ մը երկիրներուն դեսպանատուները նման կոչեր ուղղեցին, սակայն Լիբանանի մէջ օտար քաղաքացիները եւ յատկապէս դեսպանատուներուն անձնակազմերը պետութեան ու ապահովական կառոյցներուն յատուկ հոգատարութեան արժանի են:

Մանսուր ողջունեց ռուսական նախաձեռնութիւնը եւ յայտնեց, որ իրենք կը զօրակցին Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման եւ շրջանին մէջ անոր ունեցած հետեւանքներուն:

Մանսուր յայտնեց, որ շրջանը պատերազմէ հեռու պահող որեւէ արարք դրական է: Ան ընդգծեց, որ պատերազմը միայն յաւելեալ բռնարարք, քանդում եւ ապահովական իրավիճակի խախտում կը պատճառէ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )