Եազիժի Պատրիարքը Գերմանիա Մեկնեցաւ

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Գերմանիա:

Եազիժի պատրիարքին հրաժեշտ տալու նպատակով Պէյրութի միջազգային օդակայան ուղղուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել:

Նախքան մեկնումը, Եազիժի պատրիարքը ողջունեց Սուրիոյ վերաբերող ռուսական նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով պատերազմը փոխարինող խաղաղութեան եւ երկխօսութեան առիթ:

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն ճակատագիրին` Եազիժի պատրիարքը հաստատեց, որ այդ հարցով տակաւին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է` դարձեալ օժանդակութիւն պահանջելով քաղական ուժերէն` միջամտելու եպիսկոպոսներուն ճակատագիրին բացայայտումին համար:

Եազիժի պատրիարքը պահանջեց նաեւ, որ ոչ մէկ քրիստոնեայ քաղաքացի արտագաղթի դիմէ` քաջալերելով զայն մնալու իր երկրին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )