Շարպել. «Հըզպալլա Թիրախ Է, Իսկ Պետութիւնը Անկարող Է Զայն Պաշտպանելու»

Ապահովական սեղմ խորհուրդի նիստէն պահ մը

Ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել երէկ անդրադարձաւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ Հըզպալլայի որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն` ընդգծելով, որ Հըզպալլա թիրախ է, իսկ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է զայն պաշտպանելու:

Շարպել ըսաւ, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մտահոգութիւն յայտնած է, որ կուսակցականներ կրնան միջամտել քաղաքապետարաններու աշխատանքին:

Շարպել նշեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին քաղաքապետարաններու գիշերապահներուն աշխատանքին պիտի հսկէ եւ պիտի ջանայ զայն օրէնքով սահմանափակել:

Միւս կողմէ, Շարպել երէկ նախագահեց ապահովական սեղմ խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ պիտի կազմուի յանձնախումբ մը, որ սերտէ քաղաքական եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններուն ընկերակցող թիկնապահներուն թիւը, որպէսզի կարելի ըլլայ նաեւ այդ առումով զինուորներու որոշ թիւ մը ունենալ:

Շարպել շեշտեց, որ Լիբանան իբրեւ պետութիւն յանձնառու է, որ երկրին մէջ գտնուող ոչ մէկ դեսպանատան դէմ յարձակում գործուի: «Լիբանանի մէջ գտնուող դեսպանատուներուն ապահովութիւնը երկրին ապահովութեան համազօր է», ըսաւ ան:

Շարպել հաստատեց, որ պետութիւնը կը մերժէ անձնական ապահովութիւնը, իսկ խուզարկումը կը կատարէ միայն լիբանանեան պետութիւնը եւ ոչ թէ այս կամ այն կուսակցութիւնը կամ քաղաքական ուժը: Ան խստիւ մերժեց այն յայտարարութիւնները, թէ քաղաքապետարաններու ոստիկաններուն դերակատարութեան աշխուժացումը իւրաքանչիւր քաղաքապետարանի համար անձնական ապահովութիւն պիտի յառաջացնէ:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Շարպել ընդգծեց, որ ինք եւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ գիշեր-ցերեկ կը հետապնդեն Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը` թրքական իշխանութիւններուն հետ:

Միւս կողմէ, ան կոչ ուղղեց Պէյրութի մէջ երկու թուրք օդաչուները առեւանգող կողմերուն ազատ արձակելու զանոնք, որովհետեւ անոնք ալ Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն նման յանցանք չունին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )